ԶԱՔԱՐԵԱՅ 4
4
ԱՇՏԱՆԱԿԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Ինծի հետ խօսող հրեշտակը դարձաւ եւ զիս իր քունէն արթնցնող մարդու պէս արթնցուց։ 2Ու ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ու ըսի. «Կը տեսնեմ զուտ ոսկիէ աշտանակ մը։ Անոր վրայ բաժակ մը, որուն վրայ՝ եօթը ճրագ։ Անոր վրայի եօթը ճրագներուն համար եօթը խողովակ կայ։ 3Անոր քով երկու ձիթենի կայ, մէկը բաժակին աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը»։ 4Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակին հարցուցի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ 5Ինծի հետ խօսող հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ով տէր իմ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԶՕՐԱԲԱԲԷԼԻՆ
6Եւ ան ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի.
‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ,
Հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
7‘Դո՛ւն, ո՛վ մեծ լեռ, ո՞վ ես։
Զօրաբաբէլին առջեւ դաշտ պիտի ըլլաս։
Գլխաւոր քարը ինք պիտի հանէ՛։
Ու պիտի աղաղակեն. ‘Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր’։
8Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
9«Զօրաբաբէլին ձեռքերը հիմնեցին այս տունը,
Անոր ձեռքերը պիտի լրացնեն զանիկա,
Որպէս զի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկած է.
10Քանզի ո՞վ պզտիկ բաներուն օրը անարգեց։
Մարդիկ պիտի ուրախանան երբ տեսնեն կապարալարը
Զօրաբաբէլին ձեռքին մէջ։
Այս եօթը Տէրոջը աչքերն են, որոնք բոլոր երկրի մէջ կը պտըտին»։
11Անոր հարցուցի. «Աշտանակին աջ կողմը ու անոր ձախ կողմը եղող այս երկու ձիթենիները ի՞նչ են»։ 12Երկրորդ անգամ հարցուցի. «Երկու ոսկի խողովակներուն միջոցով իւղը իրենցմէ ոսկիի պէս թափող երկու ձիթենիի ոստերը ի՞նչ են»։ 13Ինծի պատասխանեց ու ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ»։ 14Ըսաւ. «Ասոնք երկու #4:14 Եբր., իւղի որդիներնօծեալներն են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կը կայնին»։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 4: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.