YouVersion Logo
Search Icon

ԶԱՔԱՐԵԱՅ 11

11
ԲՌՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
1Դռներդ բա՛ց, ո՛վ Լիբանան,
Որ կրակը քու եղեւիններդ ուտէ։
2Մայրի ծառը թող ողբայ,
Քանզի եղեւինը ինկաւ,
Վասն զի ազնուականները կողոպտուեցան։
Բասանի կաղնիները թող ողբան,
Քանզի անմատչելի անտառը #11:2 Եբր., իջաւկտրուեցաւ։
3Հովիւներուն ողբալու ձայնը կը լսուի,
Քանզի անոնց փառքը յափշտակուեցաւ։
Առոյգ առիւծներու մռնչելուն ձայնը կը լսուի,
Քանզի Յորդանանի շքեղութիւնը յափշտակուեցաւ։
ԵՐԿՈՒ ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ
4Իմ Տէր Աստուածս այսպէս կ’ըսէ.
«Մորթուելու ոչխարները արածէ,
5Զանոնք՝ որ ծախու առնողները կը մորթեն
Ու յանցաւոր չեն սեպուիր։
Զանոնք ծախողները կ’ըսեն.
‘Տէրը օրհնեալ ըլլայ, որ հարստացայ’։
Անոնց հովիւները անոնց վրայ գութ չունին։
6‘Քանզի անգամ մըն ալ ես երկրի բնակիչներուն պիտի չգթամ’, կ’ըսէ Տէրը։
«Ահա ես ամէն մարդ իր ընկերին ձեռքը
Ու իր թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ։
Երկիրը պիտի զարնեն,
Անոնց ձեռքէն պիտի չփրկեմ»։
7Մորթուելու ոչխարները,
Այո՛, հօտին խեղճերը, արածեցի։
Ինծի երկու գաւազան առի,
Մէկուն անունը Գեղեցկութիւն
Ու միւսին անունը Կապեր դրի։
Ոչխարները արածեցի։
8Մէկ ամսուան մէջ երեք հովիւ փոխեցի,
Քանզի հոգիս անոնց նեղացաւ
Եւ անոնց հոգին ալ ինծմէ զզուեցաւ։
9Ես ըսի. «Ձեզ պիտի չհովուեմ։
Մեռնողը թող մեռնի,
Կոտորուողը թող կոտորուի
Եւ մնացածները թող իրարու միս ուտեն»։
10Գեղեցկութիւն կոչուած գաւազանս առի եւ զանիկա կոտրեցի,
Որպէս զի բոլոր ժողովուրդներուն հետ ըրած ուխտս աւրեմ։
11Ու նոյն օրը աւրուեցաւ։
Ինծի սպասող հօտին խեղճերը
Հաստատ գիտցան թէ ասիկա Տէրոջը գործն է։
12Անոնց ըսի.
«Եթէ ձեր աչքերուն հաճոյ կ’երեւնայ, իմ վարձքս տուէք,
Ապա թէ ոչ՝ զանց ըրէք»։
Իմ վարձքիս համար երեսուն արծաթ կշռեցին։
13Տէրը ինծի ըսաւ.
«Զանիկա #11:13 Կամ, գանձատունըբրուտին նետէ։
Ասիկա վայելուչ գին մըն է,
Որ անոնք ինծի համար կտրեցին»։
Երեսուն արծաթը առի,
Զանիկա Տէրոջը տունը բրուտին նետեցի։
14Ետքը կապեր կոչուած միւս գաւազանս կոտրեցի,
Որպէս զի Յուդայի ու Իսրայէլի մէջ եղող եղբայրութիւնը աւրեմ։
15Տէրը ինծի ըսաւ.
«Քեզի նորէն անարժէք հովիւի մը գործիքները ա՛ռ.
16Քանզի ահա ես երկրի վրայ նոր հովիւ մը պիտի հանեմ,
Որը կորսուելու վրայ եղողներուն հոգ պիտի չտանի։
Ցրուածը պիտի չփնտռէ,
Կոտրածը պիտի չբժշկէ,
# 11:16 Կամ, ետ մնացածը Ողջը պիտի չսնուցանէ,
Հապա գէրերուն միսը պիտի ուտէ
Ու անոնց կճղակները պիտի խորտակէ։
17Վա՜յ ունայնութեան հովիւին, որ հօտը կը լքէ.
Սուրը անոր բազուկը ու աջ աչքը պիտի զարնէ,
Անոր բազուկը բոլորովին պիտի չորնայ
Ու աջ աչքը բոլորովին պիտի խաւարի»։

Currently Selected:

ԶԱՔԱՐԵԱՅ 11: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in