ԶԱՔԱՐԵԱՅ 12
12
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՊԱԳԱՅ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
1Իսրայէլի վրայով Տէրոջը պատգամը։
Երկինքը տարածող ու երկրին հիմը դնող
Ու մարդուն հոգին անոր մէջ ստեղծող Տէրը կ’ըսէ.
2«Ահա ես Երուսաղէմը բոլոր շրջակայ ազգերուն
Թմրութեան բաժակ պիտի ընեմ.
Նաեւ Յուդայի վրայ ալ պիտի ըլլայ՝ Երուսաղէմի պաշարման ատենը։
3Այն օրը Երուսաղէմը
Բոլոր ժողովուրդներուն ծանր քար պիտի ընեմ.
Ամէն անոնք որ անով կը բեռնաւորուին՝ բոլորովին պիտի կոտրին
Եւ երկրի բոլոր ազգերը անոր վրայ պիտի հաւաքուին։
4Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,
Ամէն ձի սոսկումով պիտի զարնեմ
Ու անոր հեծեալը՝ ապշութեամբ։
Յուդային տանը վրայ աչքերս պիտի բանամ,
Ժողովուրդներուն բոլոր ձիերը կուրութեամբ պիտի զարնեմ։
5Յուդային հազարապետները իրենց սրտին մէջ պիտի ըսեն.
‘Երուսաղէմի բնակիչները #12:5 Եբր., իմ զօրութիւնսմեր զօրութիւնն՝ ՝ են
Զօրքերու Տէրոջմով, իրենց Աստուծմով’։
6«Այն օրը Յուդային հազարապետները
Կրակի վառարանի պէս պիտի ընեմ՝ փայտերու մէջ
Ու կրակի ջահի պէս՝ որաներու մէջ։
Անոնք աջ կողմէն ու ձախ կողմէն
Բոլոր շրջակայ ժողովուրդները պիտի ուտեն,
Բայց Երուսաղէմ դարձեալ իր տեղը պիտի մնայ։
Երուսաղէմի մէջ բնակիչներ պիտի ըլլան։
7Տէրը Յուդային վրանները պիտի փրկէ,
Որպէս զի Դաւիթին տանը փառքը
Ու Երուսաղէմին բնակիչներուն փառքը
Յուդայի վրայ չյոխորտան։
8Այն օրը Տէրը Երուսաղէմին բնակիչներուն պաշտպանութիւն պիտի ընէ.
Անոնց մէջ տկար եղողը այն օրը Դաւիթին պէս պիտի ըլլայ,
Դաւիթին տունը՝ Աստուծոյ պէս,
Տէրոջը հրեշտակին պէս, պիտի ըլլայ անոնց առջեւ։
9Այն օրը
Երուսաղէմի վրայ եկող բոլոր ազգերը
Բնաջինջ ընելու ետեւէ պիտի ըլլամ։
10Դաւիթին տանը վրայ
Եւ Երուսաղէմին բնակիչներուն վրայ
Շնորհքի եւ աղօթքի հոգին պիտի թափեմ,
Եւ անոնք զիրենք խոցողին պիտի նային։
Անոր վրայ մէկ հատիկ զաւակի վրայ ողբալու պէս պիտի ողբան,
Անոր վրայ անդրանիկ զաւակի վրայ ցաւելու պէս պիտի ցաւին։
11Այն օրը Երուսաղէմի մէջ մեծ ողբ պիտի ըլլայ
Մակեդդովի դաշտին մէջ Ադադ-Ռեմօնի ողբին պէս։
12Երկիրը պիտի ողբայ,
Ամէն ազգատոհմ՝ առանձին.
Դաւիթին տանը ազգատոհմը՝ առանձին,
Անոնց կիները առանձին,
Նաթանին տանը ազգատոհմը առանձին,
Անոնց կիները առանձին,
13Ղեւիին տանը ազգատոհմը առանձին,
Անոնց կիները առանձին,
Սէմէիին ազգատոհմը առանձին,
Անոնց կիները առանձին,
14Բոլոր մնացած ազգատոհմերէն ամէն մէկը առանձին,
Անոնց կիները առանձին»։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 12: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.