ԶԱՔԱՐԵԱՅ 1
1
ԱՍՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐԵՆ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
1Դարեհի երկրորդ տարուան ութերորդ ամիսը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով.
2«Տէրը ձեր հայրերուն խիստ բարկացաւ։
3Անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ինծի դարձէ՛ք
Ու ես ձեզի պիտի դառնամ,
4Ձեր հայրերուն պէս մի՛ ըլլաք,
Որոնց առաջուան մարգարէները կոչ կ’ուղղէին՝ ըսելով.
‘Ձեր չար ճամբաներէն ու չար գործերէն դարձէք’,
Բայց անոնք մտիկ չըրին
Ու ինծի ականջ չտուին։
5Ձեր հայրերը ո՞ւր են
Ու մարգարէները յաւիտեան կ’ապրի՞ն։
6Իմ խօսքերս ու հրամաններս
Որոնք իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ պատուիրեր էի,
Ձեր հայրերուն չհասա՞ն»։
Անոնք դարձան ու ըսին.
‘Զօրքերու Տէրը ինչ որ մեզի ընելու որոշեր էր
Մեր ճամբաներուն ու գործերուն համեմատ,
Զանիկա մեր վրայ գործադրեց’»։
ՁԻԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ
7Դարեհի երկրորդ տարուան, տասնըմէկերորդ ամսուան, այսինքն Սեբաթ ամսուան, քսանըչորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով. 8«Գիշերով տեսայ թէ աշխէտ ձիու մը վրայ հեծած մարդ մը ձորին մէջ եղող մրտենիներուն մէջտեղը կայներ էր ու անոր ետեւը աշխէտ, պիսակ ու ճերմակ ձիեր կային»։ 9Ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը քեզի պիտի ցուցնեմ»։ 10Իսկ մրտենիներուն մէջ կայնող մարդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ասոնք անոնք են՝ որոնք Տէրը ղրկեց երկիրը պտըտելու համար»։ 11Անոնք մրտենիներուն մէջ կայնող Տէրոջը հրեշտակին պատասխան տուին ու ըսին. «Երկիրը պտըտեցանք ու տեսանք թէ բոլոր երկիրը հանդարտ կեցեր է»։ 12Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Ո՛վ զօրքերու Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չողորմիս Երուսաղէմի եւ Յուդայի քաղաքներուն, որոնց եօթանասուն տարիէ ի վեր բարկացած ես»։ 13Տէրը ինծի հետ խօսող հրեշտակին բարի խօսքերով ու մխիթարական խօսքերով պատասխան տուաւ։ 14Եւ հրեշտակն ալ ինծի ըսաւ. «Կանչէ՛ ու ըսէ՛,
Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Երուսաղէմի համար ու Սիօնի համար
Չափազանց նախանձախնդիր եմ։
15Խաղաղ ազգերուն խիստ շատ բարկացած եմ,
Քանզի երբ ես քիչ բարկացայ,
Անոնք չարութիւնը աւելցուցին’։
16‘Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
Երուսաղէմին կարեկցութեամբ դարձայ’։
‘Իմ տունս անոր մէջ պիտի շինուի
Ու Երուսաղէմի վրայ լար պիտի քաշուի»’»։
17Դարձեալ կանչէ՛ ու ըսէ՛,
Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իմ քաղաքներս նորէն բարիքներով պիտի յորդին
Եւ Տէրը նորէն Սիօնը պիտի մխիթարէ,
Նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։
ԵՂՋԻՒՐՆԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ
18Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ չորս եղջիւր։ 19Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են»։ Ան ինծի ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան, Իսրայէլն ու Երուսաղէմը ցրուեցին»։ 20Եւ Տէրը ինծի չորս դարբիններ ցուցուց։ 21Ես ըսի. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընեն»։ Անիկա խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան ցրուեցին, այնպէս որ ոեւէ մարդ չկրցաւ իր գլուխը վերցնել։ Ուստի ասոնք եկան որպէս զի զանոնք վախցնեն ու Յուդայի երկիրը ցրուելու համար եղջիւր վերցնող ազգերուն եղջիւրները վար ձգեն։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 1: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.