ԶԱՔԱՐԵԱՅ 2
2
ՉԱՓԵԼՈՒ ԼԱՐԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ մարդ մը, որուն ձեռքին մէջ չափելու չուան մը կար։ 2Անոր ըսի. «Դուն ո՞ւր կ’երթաս»։ Ան ինծի ըսաւ. «Երուսաղէմը չափելու, որպէս զի լայնութիւնը՝ որչափ ու երկայնութիւնը որչափ ըլլալը ճշդեմ»։ 3Ահա ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ, որուն դէմը ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ 4Ու առաջինին ըսաւ. «Վազէ՛, այս երիտասարդին ըսէ՛.
‘Երուսաղէմ առանց պարիսպի պիտի բնակուի
Մարդու եւ անասունի բազմութեանը պատճառով։
5Ես անոր բոլորտիքը հրեղէն պարիսպ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ Տէրը
Ու անոր մէջ իր փառքը պիտի ըլլամ’»։
ԱՔՍՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՏՈՒՆ ԴԱՌՆԱԼ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻՆ
6«Աղէ՜, աղէ՜, հիւսիսի երկրէն փախէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,
Քանզի ձեզ երկնքի չորս հովերուն պէս ցրուեցի»։
7«Աղէ՜, քեզ ազատէ՛, ո՛վ Սիօն,
Որ Բաբելոնի աղջկան հետ կը բնակիս»։
8Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իր փառքին ետեւէն զիս ղրկեց ձեզ կողոպտող ազգերուն,
Քանզի ձեզի դպչողը անոր աչքին բիբին կը դպչի։
9«Ուստի ես իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի շարժեմ
Ու անոնք իրենց ծառաներէն պիտի կողոպտուին
Ու պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ղրկեր է»։
10«Ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,
Քանզի ահա ես կու գամ
Ու քու մէջդ պիտի բնակիմ», կ’ըսէ Տէրը։
11«Այն օրը շատ ազգեր Տէրոջը պիտի յարին
Ու ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։
Ես քու մէջդ պիտի բնակիմ
Ու պիտի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկեր է։
12Տէրը, սուրբ երկրին մէջ
Որպէս իր բաժինը Յուդան պիտի ժառանգէ
Ու նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։
13Տէրոջը առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ մարմին,
Քանզի անիկա իր սուրբ բնակութենէն արթնցաւ։
Currently Selected:
ԶԱՔԱՐԵԱՅ 2: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.