ԱՆԳԵԱՅ 2
2
ՆՈՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՊԱՅԾԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
1Եօթներորդ ամսուան քսանըմէկերորդ օրը Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով. 2«Հիմա Յուդայի իշխան Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուին եւ ժողովուրդին մնացորդին խօսէ՛ ու ըսէ՛.
3«Ձեր մէջ ո՞վ այս տունը իր նախկին փառաւորութիւնովը տեսած է։
Հիմա զանիկա ի՞նչպէս կը տեսնէք։
Միթէ ասիկա հինին քով ոչինչ բանի մը պէս չէ՞ ձեր աչքերուն առջեւ»։
4«Բայց արդ՝ զօրացի՛ր, ո՛վ Զօրաբաբէլ, կ’ըսէ Տէրը
Եւ ո՛վ Յովսեդեկեան Յեսու՝ մեծ քահանայ՝ զօրացի՛ր
Ու դո՛ւք, ո՛վ երկրին բոլոր ժողովուրդը,
Զօրացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը ու աշխատեցէ՛ք.
Քանզի ես ձեզի հետ եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
5«Ինչպէս ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը ձեզի խոստացայ,
Որ իմ Հոգիս ձեր մէջ կենայ. մի՛ վախնաք։
6«Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը,
Ծովն ու ցամաքը,
7Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։
Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան
Եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ։
8Արծաթը իմս է ու ոսկին իմս է,
9Որով վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ»,
«Այս տեղը խաղաղութիւն պիտի տամ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
ՄԱՐԳԱՐԷՆ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻ
10Դարեհի երկրորդ տարուան իններորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրը Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով, 11Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հիմա օրէնքին վրայով հարցում ըրէ քահանաներուն ու ըսէ՛. 12‘Եթէ մարդ մը իր հանդերձին քղանցքովը սուրբ միս վերցնէ ու քղանցքովը հացի կամ ապուրի կամ գինիի կամ իւղի կամ ինչեւիցէ կերակուրի դպչի, անիկա սուրբ կ’ըլլա՞յ’»։ Քահանաները պատասխան տուին ու ըսին. «Ո՛չ»։ 13Անգէ ըսաւ. «Եթէ մեռելէ պղծուած մը ասոնցմէ մէկուն դպչելու ըլլայ, կը պղծուի՞»։ Քահանաները պատասխան տուին ու ըսին. «Կը պղծուի»։ 14Անգէ պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
«Այսպէս է այս ժողովուրդը,
Այսպէս է այս ազգը իմ առջեւս, կ’ըսէ Տէրը,
Այսպէս է իրենց ձեռքերուն բոլոր գործը.
Ինչ որ կը մատուցանեն՝ պիղծ է»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
15«Ուրեմն հիմա այս օրէն առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք,
Երբ դեռ Տէրոջը տաճարին մէջ քար քարի վրայ դրուած չէր։
16Այն ատեն երբ մէկը քսան քոռ ցորենի դէզին քով երթար,
Տասը քոռ կը գտնուէր
Ու երբ իր գինիի աւազանին քով երթար հնձանէն յիսուն մար հանելու,
Քսան մար կը գտնուէր։
17Ձեզ ու ձեր ձեռքերուն բոլոր գործը
Խորշակահարութեամբ եւ դալուկով ու կարկուտով զարկի,
Սակայն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
18«Հիմա այս օրէն առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք.
Տէրոջը տաճարին հիմնարկութեան օրէն,
Իններորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրէն, առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք։
19Հունտը տակաւին ամբարին մէ՞ջ է
Եւ որթատունկն ու թզենին եւ նռնենին ու ձիթենին
Դեռ պտուղ չտուի՞ն։
Այս օրէն սկսեալ պիտի օրհնեմ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԶՕՐԱԲԱԲԷԼԻՆ
20Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ
Անգէին եղաւ ամսուան քսանըչորրորդ օրը՝ ըսելով.
21Յուդայի իշխանին Զօրաբաբէլին խօսէ՛ ու ըսէ՛.
«Ես երկինքն ու երկիրը պիտի շարժեմ,
22Թագաւորութիւններու աթոռները տակնուվրայ պիտի ընեմ,
Ազգերու թագաւորութիւններուն զօրութիւնը պիտի կորսնցնեմ,
Կառքն ու անոր հեծեալները տակնուվրայ պիտի ընեմ։
Ձիերն ու անոնց հեծեալները պիտի իյնան
Իւրաքանչիւրը իր եղբօրը սուրովը»։
23«Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,
Քեզ պիտի առնեմ, ո՛վ Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ, իմ ծառաս,
Քեզ կնիքի պէս պիտի դնեմ,
Քանզի քեզ ընտրեր եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
Currently Selected:
ԱՆԳԵԱՅ 2: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.