ՍԱՂՄՈՍ 96
96
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը,
Ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։
2Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։
Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։
3Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք
Ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ,
4Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի։
Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է,
5Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները #96:5 Կամ, ունայնութիւններկուռքեր են,
Բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։
6Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ,
Զօրութիւն ու գեղեցկութիւն՝ անոր սրբարանին մէջ։
7Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր,
Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։
8Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը.
Ընծայ բերէ՛ք ու անոր սրահներուն մէջ մտէ՛ք.
9 # 96:9 Կամ, Սրբութեան զարդարանքով Սուրբ հանդէսով՝ ՝ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք.
Վախցէ՛ք անոր երեսէն, ո՛վ բոլոր երկիր։
10Հեթանոսներուն մէջ ըսէք. «Տէրը կը թագաւորէ.
Աշխարհն ալ հաստատած է, որպէս զի չսասանի.
Անիկա պիտի դատէ ժողովուրդները ուղղութիւնով»։
11Երկինք թո՛ղ ուրախանայ ու երկիր ցնծայ.
Ծովը իր լիութիւնովը թո՛ղ գոռայ.
12Դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թո՛ղ ուրախանան.
Այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան
13Տէրոջը առջեւ, վասն զի պիտի գայ,
Վասն զի պիտի գայ երկիրը դատելու.
Պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով
Ու ժողովուրդները՝ իր ճշմարտութիւնովը։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 96: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.