ՍԱՂՄՈՍ 95
95
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1Եկէ՛ք ցնծութիւն ընենք Տէրոջը առջեւ,
Աղաղակե՛նք մեր փրկութեան Վէմին։
2Գոհութիւնով անոր երեսին առջեւ գա՛նք,
Սաղմոսներով աղաղակե՛նք անոր։
3Վասն զի Տէրը մեծ Աստուած է
Ու բոլոր աստուածներուն վրայ՝ մեծ Թագաւոր։
4Անոր ձեռքին մէջ են երկրի խորունկ տեղերը
Ու լեռներուն #95:4 Կամ, զօրութիւններըբարձրութիւնները անորն են։
5Իրն է ծովը ու ինք շինեց զանիկա
Եւ իր ձեռքերը ստեղծեցին ցամաքը։
6Եկէ՛ք, երկրպագութիւն ընենք ու ծռինք.
Ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրոջը առջեւ,
7Վասն զի ան է մեր Աստուածը
Ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը եւ անոր ձեռքին ոչխարներն ենք։
Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք,
8Ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք ինչպէս Մերիպայի մէջ,
Անապատին մէջ փորձութեան օրուանը պէս,
9Ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին,
Քննեցին զիս ու իմ գործերս տեսան։
10Քառասուն տարի զզուեցայ այն ազգէն
Ու ըսի. «Անոնք սրտով մոլորած ժողովուրդ մըն են,
Իմ ճամբաներս չճանչցան»։
11Ուստի իմ բարկութեանս մէջ երդում ըրի,
Որ անոնք իմ հանգիստս չմտնեն։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 95: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.