ՍԱՂՄՈՍ 97
97
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ
1Տէրը կը թագաւորէ, երկիր թո՛ղ ցնծայ.
Շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան։
2Անոր շուրջը ամպ ու մառախուղ կայ,
Արդարութիւնը ու իրաւունքը անոր աթոռին հիմերն են։
3Անոր առջեւէն կրակ կ’երթայ
Ու անոր շուրջի թշնամիները կ’այրէ։
4Անոր փայլակները աշխարհը կը լուսաւորեն։
Երկիր կը տեսնէ ու կը դողայ։
5Լեռները մոմի պէս կը հալին Եհովային երեսէն,
Բոլոր երկրին Տէրոջը երեսէն։
6Երկինք կը պատմէ անոր արդարութիւնը
Ու բոլոր ժողովուրդները կը տեսնեն անոր փառքը։
7Թո՛ղ ամչնան այն ամէնքը, որոնք կուռքերուն կը ծառայեն,
Որոնք ունայնութիւններով կը պարծենան։
Ո՛վ բոլոր աստուածներ, անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք։
8Սիօն լսեց եւ ուրախացաւ
Եւ Յուդային աղջիկները ցնծացին
Քու իրաւունքներուդ համար, ո՛վ Տէր։
9Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։
Շատ բարձրացար բոլոր աստուածներուն վրայ։
10Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք։
Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ,
Ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք։
11Արդարին համար լոյս ծագեցաւ
Եւ սրտով ուղիղներուն համար՝ ուրախութիւն։
12Տէրոջմով ուրախացէ՛ք, ո՛վ արդարներ
Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 97: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.