ՍԱՂՄՈՍ 6
6
ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Սաղմոս Դաւիթի
1Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ
Եւ քու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։
2Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի տկար եմ ես.
Զիս բժշկէ, ո՛վ Տէր, վասն զի ոսկորներս կը սարսափին։
3Իմ անձս ալ խիստ սարսափեցաւ.
Եւ դուն, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ։
4Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, փրկէ իմ անձս,
Քու ողորմութեանդ համար զիս ազատէ։
5Վասն զի մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ.
Գերեզմանին մէջ ո՞վ քեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ։
6Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ.
Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս,
Արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։
7Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէն,
Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով հինցաւ։
8Ինծմէ ե՛տ կեցէք ամէնքդ ալ, որ անօրէնութիւն կը գործէք.
Վասն զի Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց.
9Տէրը իմ աղօթքս լսեց.
Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի։
10Թող ամչնան ու խիստ զարհուրին իմ բոլոր թշնամիներս,
Ետ թող դառնան ու շուտով ամչնան։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 6: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.