ՍԱՂՄՈՍ 5
5
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1Ո՛վ Տէր, ականջ դիր իմ խօսքերուս,
Միտքդ առ իմ աղաղակս։
2Իմ կանչելուս ձայնին մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ Թագաւորս ու Աստուածս,
Վասն զի ես քեզի կ’աղաչեմ։
3Ո՛վ Տէր, առտուն պիտի լսես իմ ձայնս.
Առտուն #5:3 Կամ, աղօթքս պիտի ներկայացնեմպատրաստ պիտի ըլլամ քեզի ու սպասեմ։
4Վասն զի դուն անօրէնութիւն ուզող Աստուած չես.
Չարը քու քովդ պիտի չբնակի։
5Հպարտները քու աչքերուդ առջեւ պիտի չկենան.
Բոլոր անօրէնութիւն գործողները կ’ատես.
6Սուտ խօսողները կը կորսնցնես։
Տէրը արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդէն կը զզուի։
7Բայց ես քու ողորմութեանդ շատութիւնովը քու տունդ պիտի մտնեմ.
Քու վախովդ երկրպագութիւն պիտի ընեմ քու սուրբ տաճարիդ մէջ։
8Ո՛վ Տէր, քու արդարութիւնովդ ինծի առաջնորդ եղիր թշնամիներուս համար.
Քու ճամբադ շտկէ իմ առջեւս.
9Վասն զի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ,
Անոնց ներսիդին չարութիւն կայ։
Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է,
Իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան։
10Ո՛վ Աստուած, յանցաւոր հանէ զանոնք.
Իրենց խորհուրդներովը թող իյնան.
Անոնց շատ ամբարշտութիւններուն համար հալածէ՛ զանոնք.
Վասն զի քեզի դէմ ապստամբեցան։
11Բայց բոլոր քեզի յուսացողները թող ուրախ ըլլան.
Յաւիտեան թող ցնծան, վասն զի դուն զանոնք կը պաշտպանես
Եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան։
12Վասն զի դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր,
Բարի կամեցողութիւնով անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 5: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.