ՍԱՂՄՈՍ 7
7
ԱՂՕԹՔ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթ երգեց Քուշի խօսքերուն համար
1Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզի կը յուսամ,
Փրկէ զիս իմ բոլոր հալածիչներէս ու ազատէ զիս.
2Չըլլայ որ առիւծի պէս իմ անձս գիշատէ
Ու պատառէ եւ ազատող մը չըլլայ։
3Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, եթէ այս բանը ըրի,
Կամ եթէ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն կայ,
4Եթէ բարեկամիս չարութիւն ըրի
Ու կողոպտեցի զանիկա՝ որ առանց պատճառի իմ թշնամիս էր,
5Թող թշնամին հալածէ իմ անձս ու հասնի անոր
Ու երկրի վրայ կոխկռտէ իմ կեանքս,
Եւ իմ փառքս հողի վրայ բնակեցնէ։ (Սէլա։)
6Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, քու բարկութիւնովդ,
Իմ թշնամիներուս կատաղութիւններուն դէմ բարձր եղիր,
Արթնցի՛ր, ո՛վ Աստուած, դուն սահմանած ես դատաստան մը։
7Եւ ժողովուրդներուն ժողովը քու չորս կողմդ պիտի պատէ.
Անոնց վրայ բարձրացիր։
8Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները.
Ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես,
Իմ ունեցած անարատութեանս ու անմեղութեանս նայելով։
9Ամբարիշտներուն չարութիւնը թող հատնի։
Բայց դուն արդարը հաստատէ.
Վասն զի դուն, ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սրտերը ու երիկամունքները։
10Իմ պաշտպանութիւնս Աստուծմէ է.
Որ կ’ապրեցնէ սրտով ուղիղները։
11Աստուած արդար դատաւոր է
Ու Աստուած մեղաւորին ամէն օր բարկացած է.
12Եթէ անիկա չդառնայ, իր սուրը պիտի սրէ.
Աղեղը լարեր ու պատրաստեր է։
13Ու մահու գործիքները անոր համար պատրաստեր է,
Իր նետերը #7:13 Կամ, կրակոտհալածիչներուն համար՝ ՝ շիներ է։
14Ահա անօրէնութեան երկունքը բռնեց զանիկա.
Չարութիւն յղացաւ ու ստութիւն ծնաւ։
15Հոր փորեց ու խորունկցուց,
Բայց իր շինած փոսին մէջ ի՛նք պիտի իյնայ.
16Անոր չարութիւնը իր գլուխը պիտի դառնայ
Ու անոր բռնութիւնը իր գագաթին վրայ պիտի իջնէ։
17Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իր արդարութեանը համար
Սաղմոս պիտի երգեմ Բարձրեալ Տէրոջը անուանը։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 7: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.