ՍԱՂՄՈՍ 49
49
ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀԵԼՈՒ ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Կորխի որդիներուն Սաղմոսը
1Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ բոլոր ազգեր,
Ակա՛նջ դրէք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ,
2Ռամիկներ ու ազնուականներ,
Հարուստներ ու աղքատներ մէկտեղ։
3Բերանս իմաստութիւն պիտի խօսի
Ու սրտիս խորհուրդները՝ հանճար։
4Իմ ականջս առակի պիտի ծռեմ,
Հանելուկս քնարով պիտի լուծեմ։
5Ինչո՞ւ վախնամ չար օրերու մէջ
Երբ #49:5 Կամ, իմ գարշապարներուսդարանակալներու անօրէնութիւնը չորս կողմս կը պատէ։
6Իրենց զօրութեանը յուսացողներէն
Ու իրենց հարստութեանը շատութիւնովը հպարտացողներէն
7Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը,
Ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել,
8(Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը,
Երբեք կարելի չէ գոհացնել։)
9Որպէս զի ապրի յաւիտեան
Ու ապականութիւն չտեսնէ։
10Վասն զի կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին,
Յիմարը ու անխելքը մէկտեղ կը կորսուին
Ու իրենց ստացուածքները ուրիշներուն կը թողուն։
11Անոնք կը կարծեն թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի մնան
Ու իրենց բնակարանները՝ ազգէ մինչեւ ազգ.
Երկիրները իրենց անուններովը կը կոչեն։
12Բայց մարդը պատուոյ մէջ չի մնար,
Անասուններուն նման է, որոնք կը կորսուին։
13Անոնց այս ճամբան իրենց յիմարութիւն է,
Սակայն անոնց ետեւէն եկողները անոնց խօսքէն պիտի հաճոյանան։ (Սէլա։)
14Անոնք ոչխարներու պէս գերեզմանը պիտի դրուին։
Մահը անոնց հովիւը պիտի ըլլայ։
Ուղիղը զանոնք գերեզմանը պիտի իջեցնէ.
Առտուն անոնց կերպարանքը պիտի կորսուի.
Գերեզմանը անոնց բնակարան պիտի ըլլայ։
15Սակայն Աստուած գերեզմանին իշխանութենէն պիտի փրկէ իմ անձս,
Վասն զի զիս պիտի ընդունի։ (Սէլա։)
16Մի՛ վախնար, երբ մարդ մը հարստանայ
Ու անոր տանը փառքը շատնայ.
17Վասն զի մեռնելու ատենը ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանի
Ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ։
18Թէպէտեւ իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէր։
(Ու մարդ կը գովուի, երբ իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ։)
19 Սակայն իր նախահայրերուն պիտի երթայ
Ու ալ երբեք լոյս պիտի չտեսնեն։
20Մարդը, որ պատուոյ մէջ եղած ատեն իմաստուն չեղաւ՝
Անասուններու կը նմանի, որոնք կը կորսուին։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 49: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.