ՍԱՂՄՈՍ 48
48
ՍԻՕՆ, ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՔԱՂԱՔԸ
Կորխի որդիներուն երգն ու Սաղմոսը
1Տէրը մեծ է ու խիստ օրհնեալ է
Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ,
Իր սուրբ լերանը վրայ։
2Գեղեցիկ բարձրութիւնով,
Բոլոր երկրին ուրախութիւնը՝
Հիւսիսային կողմերը եղող Սիօն լեռն է,
Մեծ Թագաւորին քաղաքը։
3Աստուած անոր պալատներուն մէջ
Իբր ապաւէն ճանչցուած է։
4Վասն զի ահա թագաւորները հաւաքուեցան,
Անոնք միացան իրարու։
5Անոնք տեսան ու զարմացան.
Զարհուրեցան ու շուտով փախան։
6Հոն դող մը բռնեց զանոնք
Ու ցաւը՝ զաւակ ծնանողի ցաւի պէս։
7Արեւելեան հովով
Թարսիսի նաւերը կը խորտակես։
8Ինչպէս լսեցինք, այնպէս ալ տեսանք
Զօրութիւններու Տէրոջը քաղաքին մէջ,
Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ.
Աստուած զանիկա պիտի հաստատէ յաւիտեան։ (Սէլա։)
9Ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ վրայ կը մտածենք
Քու տաճարիդ մէջ։
10Քու գովութիւնդ, ո՛վ Աստուած,
Քու անուանդ պէս մինչեւ երկրի ծայրերն է.
Արդարութիւնով լեցուն է քու աջ ձեռքդ։
11Սիօն լեռը թող ուրախանայ,
Ու Յուդային աղջիկները թող ցնծան
Քու դատաստաններուդ համար։
12Սիօնին չորս կողմը պտըտեցէ՛ք
Ու անոր բոլորտիքը շարուեցէ՛ք
Ու աշտարակները համրեցէ՛ք.
13Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք անոր պարիսպները,
Անոր պալատները զննեցէ՛ք,
Որպէս զի գալու ազգին պատմէք։
14Վասն զի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից.
Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 48: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.