YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 43

43
ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
1Իմ դատս տես, ո՛վ Աստուած ու իրաւունքս պաշտպանէ՛
Անաստուած ազգէն։
Նենգաւոր ու անօրէն մարդէն զիս ազատէ,
2Քանզի դուն ես իմ ամրութեանս Աստուածը։
Ինչո՞ւ զիս կը մերժես,
Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ
Թշնամիին հարստահարութենէն։
3Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի
Անոնք առաջնորդէն ինծի ու զիս հանեն
Քու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ։
4Աստուծոյ սեղանին քով պիտի երթամ,
Իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջեւ։
Քեզ քնարով պիտի գովեմ,
Ո՛վ Աստուած, իմ Աստուածս։
5Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս
Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։
Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ.
Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 43: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in