ՍԱՂՄՈՍ 42
42
ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Կորխի որդիներուն երգը
1Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի,
Այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած։
2Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն,
Ե՞րբ պիտի գամ ու երեւնամ Աստուծոյ առջեւ։
3Ցորեկ ու գիշեր արցունքներս ինծի հաց եղան,
Որովհետեւ ամէն օր ինծի կ’ըսեն. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։
4Այս բաները միտքս կը բերեմ
Ու հոգիս կը թափեմ իմ ներսիդիս,
Փափաքելով որ բազմութեան հետ երթամ,
Անոնց հետ հանդէսով Աստուծոյ տունը մտնեմ՝
Ուրախութեան ու օրհնութեան ձայնով,
Տօնախմբող բազմութեան հետ։
5Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս
Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։
Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ,
Իր երեսին փրկութեանը համար։
6Ո՛վ իմ Աստուածս, հոգիս իմ ներսիդիս կը ցածնայ.
Անոր համար քեզ կը յիշեմ Յորդանանի երկրէն
Ու Հերմոններէն ու #42:6 Եբր., ՄիսարՓոքր լեռնէն։
7Անդունդը անդունդին կը կանչէ քու յորձանքներուդ ձայնովը.
Քու ամէն կոհակներդ ու ալիքներդ իմ վրայէս անցան։
8Ցորեկը Տէրը՝ պիտի պատուիրէ իր ողորմութեանը
Ու գիշերը իր երգը ինծի հետ պիտի ըլլայ
Ու աղօթք մը՝ իմ կեանքիս Աստուծոյն։
9Պիտի ըսեմ Աստուծոյ, իմ Վէմիս.
«Ինչո՞ւ զիս մոռցեր ես,
Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ
Թշնամիին հարստահարութենէն»։
10Ոսկորներս կոտրտելու չափ՝ թշնամիներս զիս կը նախատեն՝
Ամէն օր ինծի ըսելով. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։
11Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս
Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։
Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ։
Ան է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 42: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.