YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 44

44
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Կորխի որդիներուն երգը
1Ո՛վ Աստուած, մեր ականջներովը լսեցինք,
Հայրերնիս մեզի պատմեցին
Այն գործը, որ իրենց օրերուն մէջ գործեցիր՝
Հին ժամանակը։
2Դուն քո ձեռքովդ հեթանոսները քշեցիր
Ու #44:2 Այսինքն, հայրերնիսզանոնք տնկեցիր։
Չարչարեցիր ժողովուրդները
Ու տարածեցիր զանոնք։
3Քանզի ո՛չ թէ իրենց սրովը ժառանգեցին երկիրը
Ու ո՛չ թէ իրենց բազուկը զիրենք փրկեց,
Այլ քու աջ ձեռքդ ու քու բազուկդ եւ քու երեսիդ լոյսը՝
Վասն զի անոնց հաճեցար։
4Դուն ինքդ ես իմ Թագաւորս, ո՛վ Աստուած.
Դուն Յակոբին փրկութիւններ ապահովեցիր։
5Քեզմով մեր թշնամիները գետինը պիտի զարնենք.
Մեր վրայ ելնողները քու անունովդ ոտքի տակ պիտի առնենք։
6Վասն զի աղեղիս չեմ յուսար
Ու թուրս զիս չի կրնար ազատել.
7Հապա դուն մեզ կը փրկես մեր թշնամիներէն
Ու մեզ ատողները ամօթով կ’ընես։
8Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք
Ու յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք։ (Սէլա։)
9Սակայն մեզ մերժեցիր ու խայտառակ ըրիր
Ու մեր զօրքերուն հետ չելար։
10Թշնամիէն մեզ ետ դարձուցիր
Ու մեզ ատողները մեզ կողոպտեցին։
11Մեզ ոչխարի պէս ուտուելու տուիր
Ու հեթանոսներուն մէջ մեզ ցրուեցիր։
12Քու ժողովուրդդ ոչինչ գնով ծախեցիր,
Առանց մեծ գին պահանջելու։
13Մեր դրացիներուն առջեւ մեզ խայտառակ ըրիր,
Մեր բոլորտիքը եղողներուն՝ ծաղր ու ծանակ։
14Մեզ հեթանոսներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ ըրիր
Ու ժողովուրդներուն մէջ գլուխ երերցնելու պատճառ։
15Ամէն օր իմ նախատինքս առջեւս է
Ու երեսիս ամօթը զիս կը ծածկէ՝
16Նախատողին ու հայհոյողին ձայնէն՝
Թշնամիին ու վրէժխնդրին երեսէն։
17Այս ամէնը մեր վրայ եկաւ,
Սակայն մենք քեզ չմոռցանք եւ
Քու ուխտդ սուտ չհանեցինք։
18Մեր սրտերը ետ չդարձան,
Մեր քալուածքները քու ճամբայէդ դուրս չելան.
19Թէպէտ չագալներուն եղած տեղը մեզ ճզմեցիր
Ու մահուան ստուերովը մեզ ծածկեցիր։
20Եթէ մեր Աստուծոյն անունը մոռցեր ենք,
Կամ օտար աստուծոյ ձեռքերնիս երկնցուցեր ենք,
21Միթէ Աստուած այս բանը պիտի չփնտռէ՞,
Քանի որ ինք սրտին գաղտնիքները գիտէ,
22Բայց ամէն օր քեզի համար կ’սպաննուինք,
Մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք։
23Արթնցի՛ր, ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ կը քնանաս.
Ելի՛ր, մի՛ մերժեր մեզ յաւիտեան։
24Ինչո՞ւ երեսդ կը ծածկես,
Մեր տրտմութիւնը ու տառապանքը կը մոռնաս։
25Վասն զի մեր անձը մինչեւ հողը ծռեցաւ,
Մեր փորը գետինը փակաւ։
26Ելի՛ր, օգնէ՛ մեզի
Ու ազատէ՛ մեզ քու անուանդ համար։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 44: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in