ՍԱՂՄՈՍ 32
32
ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹՈՂՈՒԹԻՒՆ
Դաւիթին երգը
1Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ
Ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։
2Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր
Ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ։
3Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան
Ամէն օր աղաղակելովս,
4Վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ.
Իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ։ (Սէլա։)
5Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի
Ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։
Ըսի թէ՝ «Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս»։
Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։ (Սէլա։)
6Ասոր համար ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ քեզի
Քու գտնուելու ժամանակդ։
Արդարեւ շատ ջուրերու հեղեղներուն ատենը
Անոր պիտի չմօտենան։
7Դուն ես իմ ապաստանարանս։
Նեղութենէն զիս պիտի պահես։
Դուն զիս պիտի պատես ազատութեան երգերով։ (Սէլա։)
8Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի.
# 32:8 Կամ, Խորհուրդ պիտի ընեմ քեզի համար Քեզ պիտի խրատեմ՝ ՝, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։
9Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի՛ ըլլաք, որոնք միտք չունին
Ու իրենց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէս զի քեզի չմօտենան։
10Ամբարշտին տանջանքները շատ պիտի ըլլան,
Սակայն սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը։
11Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ուրախ եղէ՛ք ու ցնծացէ՛ք,
Ցնծութեամբ երգեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ սրտով ուղիղ էք։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 32: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.