ՍԱՂՄՈՍ 31
31
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի,
Յաւիտեան պիտի չամչնամ.
Քու արդարութիւնովդ զիս ազատէ։
2Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր,
Շուտով զիս ազատէ։
Ինծի ամրութեան վէմ մը եղիր
Եւ զիս ապրեցնելու համար՝ ապաստանի տուն մը։
3Վասն զի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես
Եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ։
4Որոգայթէն զիս հանէ, որ ինծի համար գաղտուկ լարած են։
Վասն զի իմ զօրութիւնս դուն ես։
5Իմ հոգիս քու ձեռքդ կը յանձնեմ։
Ո՜հ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան՝ դուն զիս փրկեցիր։
6Սնոտի ունայնութիւններ պահողները ատեցիր,
Բայց ես Տէրոջը յուսացի։
7Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ.
Վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար
Ու իմ տառապանքներս գիտցար։
8Զիս թշնամիին ձեռքը չմատնեցիր,
Հապա իմ ոտքերս լայնարձակ տեղ մը կանգնեցուցիր։
9Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի նեղութեան մէջ եմ.
Սրտնեղութենէ մաշեցան իմ աչքս, իմ անձս ու իմ մարմինս։
10Վասն զի իմ կեանքս՝ տրտմութենէ
Ու տարիներս հառաչանք ընելէ սպառեցան.
Իմ ոյժս թշուառութենէս տկարացաւ,
Ոսկորներս ալ մաշեցան։
11Իմ բոլոր թշնամիներուս, մանաւանդ դրացիներուս առջեւ նախատուեցայ
Ու իմ ծանօթներուս երկիւղ եղայ.
Զիս դուրսը տեսնողները ինծմէ կը փախչէին։
12Մեռածի պէս սրտէ մոռցուեցայ,
Կորսուած ամանի նմանեցայ։
13Շատերու բամբասանքը լսեցի։
Չորս կողմս վախ կար։
Երբ անոնք ինծի համար մէկտեղ հաւաքուեցան,
Խորհուրդ կ’ընէին, որ հոգիս առնեն։
14Բայց ես քեզի՛ յուսացի, ո՛վ Տէր.
Ըսի թէ՝ «Դուն ես իմ Աստուածս».
15Իմ ժամանակներս քու ձեռքդ են.
Փրկէ՛ զիս թշնամիներուս ձեռքէն ու զիս հալածողներէն։
16Քու ծառայիդ վրայ երեսդ փայլեցուր,
Քու ողորմութիւնովդ զիս փրկէ։
17Ո՛վ Տէր, չամչնամ,
Վասն զի քեզի կանչեցի։
Ամբարիշտները թող ամչնան
Ու գերեզմանին մէջ թող լուռ կենան։
18Թող պապանձին ստախօս շրթունքները,
Որոնք հպարտութեամբ եւ նախատինքով
Ամբարտաւանութիւն կը խօսին արդարին դէմ։
19Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ
Որ քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր
Ու քեզի յուսացողներուն համար ըրիր՝
Մարդոց որդիներուն առջեւ։
20Զանոնք քու երեսիդ ծածկոցովը պիտի ծածկես,
Մարդոց դաւաճանութիւններէն.
Խորանի մէջ պիտի ծածկես զանոնք
Լեզուներուն հակառակութենէն։
21Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը,
Վասն զի իր զարմանալի ողորմութիւնը ցուցուց ինծի
Պարսպաւոր քաղաքի մէջ։
22Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի թէ՝
«Ես քու աչքերէդ ինկայ».
Սակայն դուն իմ աղօթքիս ձայնը լսեցիր,
Երբ քեզի աղաղակեցի։
23Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր սուրբեր,
Վասն զի Տէրը հաւատացեալները կը պահէ
Ու ամբարտաւանութիւն ընողներուն առատօրէն հատուցում կ’ընէ։
24Կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ,
Դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը կը յուսաք։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 31: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.