ՍԱՂՄՈՍ 33
33
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ցնծացէք։
Ուղիղներուն կը վայլէ օրհնութիւն երգել։
2Գովեցէ՛ք Տէրը քնարով։
Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս երգեցէ՛ք անոր։
3Նոր երգ մը երգեցէ՛ք անոր,
Վարպետութեամբ նուագարանները զարկէ՛ք՝ ցնծութեան ձայնով,
4Վասն զի Տէրոջը խօսքը շիտակ է
Ու անոր բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են։
5Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ։
Տէրոջը ողորմութիւնովը երկիրը լեցուն է։
6Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ
Ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը։
7Ծովուն ջուրերը #33:7 Կամ, որպէս թէ տիկի մը մէջ քեզի համարդէզի մը պէս՝ ՝ կը հաւաքէ,
Անդունդները շտեմարաններու մէջ կը դնէ։
8Ամէն երկիր թող Տէրոջմէն վախնայ
Ու անկէ դողան աշխարհի բոլոր բնակիչները։
9Վասն զի անիկա ըսաւ ու եղաւ։
Ինք հրամայեց ու հաստատուեցաւ։
10Տէրը կը ցրուէ հեթանոսներուն խորհուրդները,
Փուճ կը հանէ ժողովուրդներուն դիտաւորութիւնները։
11Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայ
Ու անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
12Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է
Ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց։
13Տէրը երկնքէն կը նայի
Եւ բոլոր մարդոց որդիները կը տեսնէ։
14Իր բնակութեանը տեղէն
Աշխարհի բոլոր բնակիչները կը դիտէ։
15Անոնց սրտերը հաւասարապէս ինք ստեղծեց։
Անոնց բոլոր ըրածները կ’իմանայ։
16Թագաւոր մը զօրքի շատութիւնովը չազատիր,
Ոչ ալ զօրաւոր մարդ մը ուժի շատութիւնով կը փրկուի։
17Ձին ազատութեան համար պարապ բան է
Ու իր ուժին շատութիւնովը չի կրնար ազատել։
18Ահա Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն
Ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է,
19Անոնց անձը՝ մահուանէ փրկելու
Եւ սովի ժամանակ զանոնք ապրեցնելու համար։
20Մեր անձը Տէրոջը կը սպասէ։
Մեր օգնութիւնը ու մեր վահանը անիկա է,
21Վասն զի մեր սրտերը անով կ՛ուրախանան,
Քանզի անոր սուրբ անուանը յուսացինք։
22Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մեր վրայ ըլլայ,
Ինչպէս քեզի կը յուսանք։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 33: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.