ՍԱՂՄՈՍ 30
30
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Դաւիթի տանը նաւակատիքի երգը
1Ո՛վ Տէր, կը բարձրացնեմ քեզ, վասն զի զիս ազատեցիր
Ու թշնամիներս իմ վրաս չուրախացուցիր։
2Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզ օգնութեան կանչեցի
Ու զիս բժշկեցիր։
3Ո՛վ Տէր, իմ անձս գերեզմանէն #30:3 Եբր., վեր հանեցիրհանեցիր,
Գուբը իջնողներուն մէջէն զիս ապրեցուցիր։
4Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, ո՛վ անոր սուրբերը
Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։
5Վասն զի մէկ րոպէ է իր բարկութիւնը,
Բայց իր հաճութիւնը՝ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին.
Իրիկունը լաց կայ,
Բայց առտուն՝ ուրախութիւն։
6Ես իմ յաջողութեանս մէջ ըսի թէ՝
«Յաւիտեան պիտի չսասանիմ»։
7Ո՛վ Տէր, քու հաճութիւնովդ իմ լեռս հաստատուն ըրիր.
Երեսդ ծածկեցիր ու ես խռովեցայ։
8Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ
Ու Տէրոջը աղաչանք կ’ընեմ։
9Իմ արիւնէս ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ
Եթէ ես գուբը իջնեմ։
Միթէ հողը քեզ պիտի գովէ՞,
Կամ անիկա պիտի պատմէ՞ քու ճշմարտութիւնդ։
10Լսէ՛, ո՛վ Տէր ու ողորմէ՛ ինծի.
Ո՛վ Տէր, ինծի օգնական եղիր։
11Իմ սուգս պարի փոխեցիր,
Քուրձս ինծմէ հանեցիր
Եւ ինծի ուրախութիւն հագցուցիր,
12Որպէս զի իմ փառքս սաղմոս երգէ քեզի ու ալ չլռէ։
Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, յաւիտեան քեզ պիտի գովեմ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 30: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.