YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 149

149
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք
Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։
2Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ.
Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ։
3Թող անոր անունը պարով օրհնեն,
Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։
4Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի,
Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։
5Թող սուրբերը ուրախանան փառքով
Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։
6Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան
Ու երկսայրի սուր՝ անոնց ձեռքին մէջ,
7Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն
Ու ժողովուրդները պատժեն,
8Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն
Ու անոնց ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով,
9Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն։
Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է։ Ալէլուիա՜։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 149: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in