ՍԱՂՄՈՍ 148
148
ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԿՈՉ ՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾ ՓԱՌԱՒՈՐԵԼՈՒ
1Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն.
Օրհնեցէ՛ք զանիկա բարձր տեղերուն մէջ։
2Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր հրեշտակներ,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր։
3Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ արեգակ ու լուսին.
Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր փայլուն աստղեր։
4Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ երկինք.
Ու երկնքէն վեր եղող ջուրերը
5Թող Տէրոջը անունը օրհնեն.
Վասն զի ինք հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան։
6Զանոնք յաւիտեանս յաւիտենից հաստատեց,
Կանոն դրաւ որը չի խափանուիր։
7Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն,
Ո՛վ վիշապներ ու բոլոր անդունդներ։
8Կրակ եւ կարկուտ, ձիւն ու շոգի
Եւ անոր խօսքը կատարող մրրկալից հով,
9Լեռներ ու բոլոր բլուրներ,
Պտղատու ծառեր ու եղեւիններ,
10Գազաններ ու բոլոր անասուններ,
Սողացողներ ու թեւաւոր թռչուններ,
11Երկրի թագաւորներ եւ բոլոր ազգեր,
Իշխաններ ու երկրի բոլոր դատաւորներ,
12Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ,
Ծերեր ու տղաքներ։
13Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն,
Վասն զի միայն անոր անունը բարձր է,
Անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է։
14Անիկա բարձրացուց իր ժողովուրդին եղջիւրը,
Իր բոլոր սուրբերուն,
Իրեն մօտ եղող ժողովուրդին,
Իսրայէլի որդիներուն օրհնութիւնը։ Ալէլուիա՜։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 148: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.