ՍԱՂՄՈՍ 150
150
ՓԱՌՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
1Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Աստուած իր սրբարանին մէջ.
Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրութեանը հաստատութեանը մէջ։
2Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրաւոր գործերուն համար,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր մեծափառութեանը համեմատ։
3Օրհնեցէ՛ք զանիկա փողի ձայնով,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա տաւիղով ու քնարով։
4Օրհնեցէ՛ք զանիկա թմբուկով ու պարով,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա լար ունեցող նուագարաններով ու սրինգով։
5Օրհնեցէ՛ք զանիկա մեծաձայն ծնծղաներով,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա ցնծութեան ծնծղաներով։
6Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 150: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.