ՍԱՂՄՈՍ 145
145
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
Օրհնութիւն Դաւիթի
1Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես
Ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։
2Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ
Եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։
3Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը
Ու անոր մեծութիւնը անքննելի է։
4Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ
Եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։
5Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը
Ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։
6Եւ քու ահաւոր գործերուդ վրայ պիտի խօսին
Ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ։
7Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն
Եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։
8Ողորմած ու գթած է Տէրը,
Երկայնամիտ ու բազումողորմ է։
9Տէրը ամենուն բարի է
Ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են։
10Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն
Եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։
11Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն
Ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն.
12Որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը
Մարդոց որդիներուն գիտցնեն։
13Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է
Ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
14Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները
Եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ։
15Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն
Ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։
16Քու ձեռքդ կը բանաս
Ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։
17Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ
Ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։
18Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն,
Այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։
19Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ
Եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։
20Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ,
Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ։
21Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէ
Ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 145: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.