ՍԱՂՄՈՍ 146
146
ՓՐԿԻՉ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ
1Ալէլուիա՜։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։
2Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։
Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։
3Մի՛ յուսաք իշխաններուն,
Մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։
4Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։
Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։
5Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է
Ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է,
6Որ երկինքը ու երկիրը,
Ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց։
Ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան,
7Իրաւունք կ’ընէ զրկուածներուն
Ու հաց կու տայ անօթիներուն։
Տէրը կ’արձակէ կապուածները,
8Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը,
Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները,
Տէրը կը սիրէ արդարները,
9Տէրը կը պահէ պանդուխտները,
Կը հաստատէ որբն ու որբեւարին,
Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ։
10Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան,
Քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն, ազգէ մինչեւ ազգ։ Ալէլուիա՜։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 146: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.