YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 139

139
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
1Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։
2Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելնելս,
Իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։
3Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես
Ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։
4Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ,
Ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես։
5Իմ ետեւէս ու առջեւէս զիս պաշարեցիր
Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր։
6Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է,
Բարձր է ու չեմ կրնար հասկնալ զանիկա։
7Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ
Եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ։
8Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես.
Եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես.
9 Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ
Եւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ,
10Հո՛ն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէ
Ու քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։
11Եթէ ըսեմ. «Իրաւցընէ խաւարը զիս պիտի ծածկէ,
Այն ատեն գիշերն ալ լոյս կ’ըլլայ իմ բոլորտիքս»։
12Մութն ալ քեզի խաւար չէ,
Հապա գիշերը ցորեկի պէս լուսաւոր կ’ըլլայ։
Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են քու առջեւդ։
13Վասն զի դուն #139:13 Կամ, ստացարստեղծեցիր իմ երիկամունքներս
Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։
14Կը գոհանամ քեզմէ,
Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։
Քու գործերդ զարմանալի են
Ու իմ անձս աղէկ գիտէ։
15Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ,
Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ,
Երկրի խորութիւններուն մէջ #139:15 Եբր., նկարակերպուեցայճարտարութեամբ կազմուեցայ՝ ՝։
16Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան
Ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին,
Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին,
Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։
17Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։
Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։
18 Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են։
Երբ արթննամ՝ դեռ քեզի հետ եմ։
19Իրաւցընէ ամբարիշտը պիտի սպաննես, ո՛վ Աստուած.
Ուրեմն ո՛վ արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէ՛ք ինծմէ։
20Անոնք քեզի դէմ նենգութեամբ կը խօսին
Եւ քու #139:20 Կամ, քաղաքներ անիրաւութեամբ կ’առնենթշնամիներդ քու անունդ պարապ տեղ կ’առնեն՝ ՝։
21Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր
Ու քեզի դէմ ելնողներէն չե՞մ զզուիր։
22Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ
Եւ ինծի թշնամի կը համարեմ։
23Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս.
Զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս
24Եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ
Եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 139: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in