1
ՍԱՂՄՈՍ 139:14
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Կը գոհանամ քեզմէ, Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են Ու իմ անձս աղէկ գիտէ։
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 139:14
2
ՍԱՂՄՈՍ 139:23-24
Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. Զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս Եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ Եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 139:23-24
3
ՍԱՂՄՈՍ 139:13
Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 139:13
4
ՍԱՂՄՈՍ 139:16
Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան Ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 139:16
5
ՍԱՂՄՈՍ 139:1
Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 139:1
6
ՍԱՂՄՈՍ 139:7
Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ Եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 139:7
7
ՍԱՂՄՈՍ 139:2
Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելնելս, Իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 139:2
8
ՍԱՂՄՈՍ 139:4
Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, Ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 139:4
9
ՍԱՂՄՈՍ 139:3
Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես Ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 139:3