ՍԱՂՄՈՍ 138
138
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1Քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ իմ բոլոր սրտովս
# 138:1 Կամ, Հրեշտակներուն, կամ, Դատաւորներուն, եւ կամ, Աստուծոյ Աստուածներուն առջեւ քեզի սաղմոս պիտի երգեմ։
2Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպի քու սուրբ տաճարդ
Եւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմ
Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար,
Վասն զի քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ։
3Կանչած օրս պատասխան տուիր ինծ,
Իմ անձիս մէջ զօրութիւնով զիս ուժովցուցիր։
4Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն,
Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն։
5Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն.
Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է։
6Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ
Ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ։
7Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ,
Դուն զիս պիտի կենդանացնես,
Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ
Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես
Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։
8Տէրը պիտի գործէ ինծի համար։
Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ յաւիտենական է։
Քու ձեռքիդ գործերը երեսէ մի՛ ձգեր։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 138: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.