ՍԱՂՄՈՍ 137
137
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՂԲԸ ԱՔՍՈՐԻ ՄԷՋ
1Բաբելոնի գետերուն քով՝
Հո՛ն կը նստէինք
Ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։
2Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ
Կախեցինք մեր քնարները.
3Վասն զի մեզ գերի ընողները
Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին
Ու մեր #137:3 Կամ, գերեվարներըկողոպտիչները ուրախութիւն,
Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։
4Տէրոջը երգը ի՛նչպէս երգենք
Օտար երկրի մէջ։
5Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ,
Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ.
6Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի,
Եթէ քեզ չյիշեմ,
Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս
Աւելի մեծ չհամարեմ։
7Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները
Երուսաղէմի օրուանը մէջ,
Որոնք կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք
Մինչեւ անոր հիմը»։
8Ո՛վ Բաբելոնի #137:8 Կամ, աւրուելուաւերող աղջիկ,
Երանի՜ անոր՝ որ քեզի կը հատուցանէ
Մեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը։
9Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէ
Ու քարի կը զարնէ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 137: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.