ՍԱՂՄՈՍ 132
132
ԱՂՕԹ ՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
1Դաւիթին սիրոյն, ո՛վ Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը եւ անոր բոլոր նեղութիւնները,
2Որ երդում ըրաւ Տէրոջը
Եւ ուխտ դրաւ Յակոբին Զօրաւորին,
3 Ըսելով. «Իմ տանս բնակարանը պիտի չմտնեմ
Ու իմ փռած անկողինիս վրայ պիտի չելնեմ։
4Իմ աչքերուս՝ քուն
Եւ արտեւանունքներուս նիրհում պիտի չտամ,
5Մինչեւ Տէրոջը համար տեղ մը գտնեմ
Յակոբին՝ Զօրաւորին համար՝ բնակարան»։
6Ահա անոր վրայով լսեցինք Եփրաթայի մէջ
Եւ զանիկա գտանք անտառի դաշտերուն մէջ։
7«Մտնենք անոր բնակարանները
Ու երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով»։
8Քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, ո՛վ Տէր,
Դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը։
9Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին
Եւ քու սուրբերդ ցնծան։
10Քու Դաւիթ ծառայիդ սիրոյն
Անդին մի՛ դարձներ քու օծեալիդ երեսը։
11Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթին ճշմարտութեամբ
Ու ետ չի դառնար անկէ.
«Քու որովայնիդ պտուղէն մէկը
Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ։
12Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս
Որոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ,
Այն ատեն անոնց որդիներն ալ
Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան»։
13Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեց
Եւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց,
14 Ըսելով. «Այս է իմ յաւիտենական հանգստավայրս։
Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի։
15Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմ
Ու անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ
16Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ
Ու անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան։
17Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ
Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։
18Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ,
Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 132: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.