ՍԱՂՄՈՍ 131
131
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ
Դաւիթին աստիճաններուն երգը
1Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ
Եւ իմ աչքերս չբարձրացան։
Ես մեծամեծ բաներու մէջ
Եւ ինծմէ բարձր բաներու մէջ չքալեցի։
2Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի
Իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս,
Իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է։
3Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 131: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.