ՍԱՂՄՈՍ 133
133
ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ
Դաւիթին աստիճաններուն երգը
1Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է
Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։
2Այն ազնիւ իւղին պէս է,
Որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ,
Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց
Ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։
3Սիօնի լեռներուն վրայ իջած
Հերմոնի շաղին պէս է,
Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը
Ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 133: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.