ՍԱՂՄՈՍ 130
130
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
1Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։
2Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։
Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին։
3Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս,
Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։
4Բայց քու քովդ է թողութիւնը,
Որպէս զի քեզմէ վախնան։
5Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ
Ու անոր խօսքին կը յուսամ։
6Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի
Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ։
7Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ,
Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ
Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ։
8Անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը
Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 130: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.