ՍԱՂՄՈՍ 107
107
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները,
Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն
3Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն,
Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու #107:3 Կամ, հարաւէնծովէն։
4Անոնք մոլորեցան անապատին մէջ, անջուր ճամբու մէջ.
Բնակելու քաղաք չգտան։
5Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝
Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր։
6Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ
Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն
7Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց,
Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։
8Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար
Ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
9Վասն զի անիկա ծարաւցած հոգին կը յագեցնէ
Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ։
10Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին,
Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին,
11Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան
Ու Բարձրեալին խորհուրդը անարգեցին.
12Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը։
Ինկան ու օգնական մը չկար։
13Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ
Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն։
14Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց
Ու անոնց կապանքները կոտրտեց։
15Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,
Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
16Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց
Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց։
17Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար
Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն։
18Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի
Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը մօտենան։
19Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ
Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։
20Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք
Ու կ’ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։
21Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,
Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
22Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն
Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։
23Նաւերով ծովը իջնողները
Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները,
24Անոնք Տէրոջը գործերը
Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ։
25Վասն զի ան կ’ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ,
Որ անոր ալիքները բարձրացնէ։
26Երկինք կ’ելլեն ու անդունդը կ’իջնեն։
Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին,
27Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ’երերան
Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի։
28Այն ատեն Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ
Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։
29Մրրիկը կը հանդարտեցնէ
Ու ալիքները կը դադարին։
30Իրենք ալ կ’ուրախանան, որ դադարեցան
Եւ կ’առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։
31Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,
Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
32Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին մէջ
Ու ծերերուն ատեանին մէջ թող գովեն զանիկա։
33Գետերը անապատներու կը դարձնէ
Ու ջուրերուն գնացքները՝ չոր երկրի
34Ու պտղաբեր երկիրը՝ աղի երկրի,
Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար։
35Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ
Ու չոր երկիրը՝ ջուրերու գնացքի
36Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ,
Որպէս զի բնակելու քաղաք հիմնեն
37Ու արտեր հերկեն ու ցանեն ու այգիներ տնկեն,
Որպէս զի պտուղ բերեն։
38Զանոնք կ’օրհնէ եւ անոնք խիստ կը բազմանան
Ու անոնց անասունները չի պակսեցներ։
39Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան
Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ։
40Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ
Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ։
41Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ
Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ’ընէ։
42Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան
Բայց ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։
43Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։
Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 107: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.