ՍԱՂՄՈՍ 106
106
ՏԷՐՈՋԸ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
1Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը։
Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամէն գովութիւնը։
3Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն
Ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ’ընեն։
4Յիշէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած հաճութեանդ համեմատ,
Ինծի այցելութիւն ըրէ քու փրկութիւնովդ,
5Որպէս զի քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ,
Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ,
Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ։
6Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք,
Անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք։
7Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ,
Չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը,
Հապա ապստամբեցան ծովուն քով,
Կարմիր ծովուն քով։
8Բայց զանոնք իր անուանը համար փրկեց,
Որպէս զի իր մեծ զօրութիւնը ճանչցնէ։
9Եւ Կարմիր ծովուն հրամայեց ու ցամքեցաւ
Ու անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբր թէ անապատին մէջէն
10Զանոնք փրկեց ատողին ձեռքէն
Ու ազատեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն։
11Ջուրերը անոնց թշնամիները ծածկեցին,
Անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։
12Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքին
Եւ օրհնութիւն երգեցին անոր։
13Շուտով մոռցան անոր գործերը
Ու անոր խրատին չսպասեցին։
14Անապատին մէջ խիստ ցանկացին
Ու Աստուած փորձեցին անջուր տեղին մէջ։
15Եւ անոնց տուաւ անոնց ուզածը
Թէպէտեւ վատուժութիւն ղրկեց անոնց անձերուն վրայ։
16Երբ Մովսէսին նախանձեցան բանակին մէջ
Ու Տէրոջը սուրբին՝ Ահարոնին,
17Երկիրը բացուեցաւ ու կլլեց Դաթանը
Ու Աբիրոնի ժողովը ծածկեց։
18Կրակը բորբոքեցաւ անոնց ժողովին մէջ,
Բոցը այրեց ամբարիշտները։
19Հորթ շինեցին Քորեբի մէջ
Ու երկրպագութիւն ըրին ձուլածոյ պատկերին։
20Իրենց Փառքը
Խոտակեր արջառի նմանութեանը փոխեցին։
21Մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը,
Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ
22Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ
Եւ ահաւոր բաներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ։
23Ուստի ըսաւ թէ՝ զանոնք պիտի կորսնցնեմ,
Եթէ անոր ընտրեալը՝ Մովսէս՝
# 106:23 Եբր., Խրամատին մէջ Մէջտեղը անոր առջեւ կայնած չըլլար,
Անոր բարկութիւնը իջեցնելու համար, որպէս զի չսատկեցնէ։
24Նաեւ այն ցանկալի երկիրը անարգեցին
Ու անոր խօսքին չհաւատացին։
25Իրենց վրաններուն մէջ տրտնջեցին,
Տէրոջը ձայնը չլսեցին։
26Ուստի անոնց համար #106:26 Եբր., ձեռքը վերցուցերդում ըրաւ՝ ՝,
Որ զանոնք անապատին մէջ ձգէ
27Եւ անոնց սերունդը՝ ազգերու մէջ,
Զանոնք երկիրներու մէջ ցրուէ։
28Բայց անոնք Բելփեգովրի յարեցան
Ու մեռածներուն զոհերը կերան
29Եւ իրենց գործերովը Տէրը բարկացուցին։
Ուստի անոնց վրայ ժանտամահ հասաւ։
30Ետքը Փենէհէս ելաւ ու բարեխօսեց
Եւ ժանտամահը դադրեցաւ։
31Այս բանը անոր արդարութիւն սեպուեցաւ՝
Ազգէ մինչեւ ազգ՝ յաւիտեան։
32Նաեւ բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։
Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ,
33Վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։
Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը։
34Չկորսնցուցին այն ազգերը,
Որ Տէրը պատուիրեր էր անոնց.
35Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցան
Ու անոնց գործերը սորվեցան
36Եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցին
Ու անոնք իրենց որոգայթ եղան։
37Իրենց տղաքներն ու աղջիկները
Դեւերուն զոհեցին,
38Անմեղ արիւն թափեցին,
Իրենց տղաքներուն ու աղջիկներուն արիւնը,
Որոնք զոհեցին Քանանի կուռքերուն։
Երկիրը պղծուեցաւ արիւնով։
39Իրենց գործերովը պղծուեցան
Ու իրենց ըրածներովը պոռնկութիւն ըրին,
40Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին վրայ
Ու զզուեցաւ իր ժառանգութենէն։
41Զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեց
Ու զանոնք ատողները տիրեցին անոնց վրայ։
42Անոնց թշնամիները նեղեցին զանոնք
Ու անոնց ձեռքին տակ խոնարհեցան։
43Շատ անգամ փրկեց անոնք,
Բայց անոնք իրենց խորհուրդներովը դառնացուցին Անիկա
Ու նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար։
44Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը,
Երբ անոնց աղաղակը լսեց
45Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեց
Եւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջաց
46Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջեւ
Գթութիւն գտնել տուաւ անոնց։
47Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը
Ու հաւաքէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն,
Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք
Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։
48Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը,
Յաւիտեանս յաւիտենից։
Բոլոր ժողովուրդը թող ըսէ. «Ամէն»։ Ալէլուիա՜։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 106: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.