ՍԱՂՄՈՍ 108
108
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթին երգն ու Սաղմոսը
1Իմ սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած. սիրտս պատրաստ է։
Պիտի երգեմ ու սաղմոս ըսեմ իմ փառքովս։
2Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար։
Ես կանուխ պիտի արթննամ։
3Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ
Ու սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ։
4Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ է ու երկնքէն վեր
Եւ քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։
5Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած
Ու քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։
6Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։
Աջ ձեռքովդ ապրեցուր ու պատասխան տուր ինծի։
7Աստուած #108:7 Կամ, իր սրբարանին մէջիր սրբութիւնովը՝ ՝ խօսեցաւ.
«Ես ցնծութեամբ Սիւքէմը պիտի բաժնեմ
Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։
8Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն
Եւ Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է։
Յուդան իմ օրէնսդիրս է.
9Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է։
Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս.
Փղշտացիներուն դէմ ցնծութեամբ պիտի աղաղակեմ»։
10Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը.
Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։
11Չէ՞ որ դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ
Ու մեր գործերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։
12Նեղութեան մէջ մեզի օգնէ,
Վասն զի փուճ է մարդուն օգնութիւնը։
13Աստուծմով քաջութիւն պիտի ունենանք։
Ան պիտի ոտնակոխէ մեր թշնամիները։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 108: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.