YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 105

105
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
1Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք,
Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։
2Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր,
Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։
3Անոր սուրբ անունովը հպարտացէ՛ք։
Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։
4Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք,
Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՜ք.
5Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները,
Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները։
6Ո՛վ անոր ծառային՝ Աբրահամին՝ սերունդ,
Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։
7Եհովան ինքն է մեր Աստուածը.
Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։
8Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ
Ու իր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ.
9Այն ուխտը որ Աբրահամին ըրաւ
Ու իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ,
10Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալու
Ու Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը,
11Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը,
Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։
12Երբ անոնք սակաւաթիւ էին,
Քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ
13Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին,
Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի,
14Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ.
Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար,
15Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք
Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։
16Երբ սով բերաւ երկրի վրայ,
Հացին բոլոր զօրութիւնը կոտրեց։
17Անոնց առջեւէն մարդ ղրկեց,
Յովսէփը՝ որ ծառայութեան ծախուեցաւ։
18Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին,
Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ՝
19Մինչեւ այն ժամանակ, երբ անոր խօսքը եկաւ,
Տէրոջը խօսքը փորձեց զանիկա։
20Թագաւորը ղրկեց ու արձակեց զանիկա։
Ժողովուրդներուն իշխանը ազատեց զանիկա։
21Իր տանը վրայ տէր կեցուց զանիկա
Եւ իր բոլոր ունեցածին վրայ՝ իշխան,
22Որպէս զի անոր իշխանները իր ուզածին պէս կապէ
Ու անոր ծերերը իմաստուն ընէ։
23Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւ
Ու Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ։
24 Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուց
Ու զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ։
25Անոնց սիրտը #105:25 Կամ, դարձաւդարձուց, որպէս զի իր ժողովուրդը ատեն
Ու իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն։
26Իր ծառան Մովսէսը ղրկեց
Եւ իր ընտրած Ահարոնը,
27 Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրին
Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ։
28Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուց
Եւ անոր խօսքին դէմ չկեցան։
29Անոնց ջուրերը արիւնի դարձուց
Ու անոնց ձուկերը սպաննեց։
30Անոնց երկիրը առատօրէն գորտեր դուրս բերաւ,
Մինչեւ անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ։
31Ըսաւ՝ ու շանաճանճը եւ մուները
Անոնց բոլոր սահմաններուն մէջ եկան։
32Անձրեւի տեղ կարկուտ տուաւ անոնց
Ու կրակի բոցեր՝ անոնց երկրին մէջ։
33Անոնց որթատունկերը ու թզենիները զարկաւ
Եւ անոնց սահմաններուն ծառերը կոտրտեց։
34Ըսաւ՝ ու եկան մարախը
Եւ ջորեակը՝ առանց համրանքի,
35Որոնք անոնց երկրին մէջի բոլոր խոտը
Եւ անոնց արտերուն պտուղը կերան։
36Անոնց երկրին բոլոր անդրանիկները
Ու անոնց բոլոր զօրութեանը սկիզբը զարկաւ։
37Զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեց
Ու անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար։
38Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն,
Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր։
39 Ցորեկը՝ հովանի ըլլալու համար ամպ
Ու գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։
40Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւ
Ու երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։
41Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին,
Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։
42Վասն զի իր սուրբ խոստումը յիշեց,
Որ իր Աբրահամ ծառային ըրեր էր։
43Ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեց
Եւ իր ընտրածները՝ ուրախութիւնով։
44Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ
Եւ անոնք ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին,
45Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահեն
Ու անոր օրէնքները կատարեն։ Ալէլուիա՜։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 105: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in