ՍԱՂՄՈՍ 10
10
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
1Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս.
Նեղութեան ժամանակները կը ծածկուիս։
2 # 10:2 Կամ, ամբարիշտը իր ամբարտաւանութիւնովը սաստիկ կը հալածէ աղքատը Ամբարշտին ամբարտաւանութեանը պատճառով աղքատը կը տոչորի՝ ՝,
Իրենց խորհած հնարքներուն մէջ իրենք թող բռնուին։
3Վասն զի ամբարիշտը իր անձին ցանկութիւնովը կը պարծենայ
Եւ ագահը իր անձին երանի կու տայ, բայց կ’անարգէ Տէրը։
4Ամբարիշտը իր երեսին ամբարտաւանութեանը համար Աստուած չի փնտռեր.
Անոր մտքին մէջ բոլորովին Աստուած չկայ։
5Ամէն ժամանակ անոր ճամբաները պինդ են.
Քու դատաստաններդ անոր առջեւէն բարձր են.
Անիկա իր բոլոր թշնամիներուն վրայ կը փչէ։
6Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չսասանիմ.
Վասն զի ազգէ մինչեւ ազգ նեղութեան մէջ պիտի չըլլամ»։
7Անոր բերանը անէծքով ու նենգութիւններով ու հարստահարուիթւններով լեցուն է.
Անիրաւութիւնը ու անօրէնութիւնը անոր լեզուին տակ են։
8Գիւղերուն դարանի տեղերը կը նստի,
Գաղտուկ տեղերու մէջ անմեղը կը սպաննէ.
Անոր աչքերը ծածկաբար տնանկներուն կը նային։
9Գաղտուկ տեղեր դարանամուտ կ’ըլլայ, ինչպէս առիւծը՝ իր որջին մէջ.
Դարանակալ կը նստի՝ աղքատը յափշտակելու համար.
Աղքատը կը յափշտակէ՝ իր որոգայթը ձգելով զանիկա։
10Կծկտած կը պառկի
Եւ տնանկները անոր ճանկերուն տակ կ’իյնան։
11Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Աստուած մոռցեր է
Ու իր երեսը ծածկեր է, որպէս զի բնաւ չտեսնէ»։
12Ելի՛ր, ո՛վ Տէր. ո՛վ Աստուած, ձեռքդ վե՛ր վերցուր,
Մի՛ մոռնար նեղեալները։
13Ինչո՞ւ համար ամբարիշտը Աստուած կ’անարգէ։
Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չքննես»։
14Դուն տեսար, վասն զի ցաւին ու նեղութեանը կը նայիս՝
Քու ձեռքովդ փոխարէն հատուցանելու համար։
Աղքատը ինքզինք քեզի կը յանձնէ.
Որբին օգնականը դուն ես։
15Ամբարշտին բազուկը կոտրէ,
Ու չարին անօրէնութիւնը փնտռէ մինչեւ որ ալ չգտնես։
16Տէրը յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր է։
Հեթանոսները կորսուած են անոր երկրէն։
17Տնանկներուն ցանկութիւնը լսեցիր, ո՛վ Տէր.
Անոնց սրտերը պիտի հաստատես ու քու ականջդ պիտի խոնարհեցնես
18Որբին ու տնանկին դատաստանը տեսնելու,
Որպէս զի երկրի մարդը ա՛լ զանոնք չվախցնէ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 10: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.