YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 9

9
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իմ բոլոր սրտովս.
Քու բոլոր սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ։
2Քեզմով ուրախ պիտի ըլլամ ու ցնծամ.
Քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ, ո՛վ Բարձրեալ։
3Թշնամիներս ետ դառնալու ատեննին
Քու երեսէդ պիտի իյնան ու կորսուին.
4Վասն զի դատաստանս եւ իրաւունքս դուն տեսար.
Աթոռին վրայ նստար իբրեւ արդարութեան դատաւոր։
5Հեթանոսները յանդիմանեցիր,
Ամբարիշտը կորսնցուցիր,
Անոնց անունները ջնջեցիր յաւիտեանս յաւիտենից։
6Թշնամիին աւերմունքները բոլորովին վերջացան.
Քաղաքները աւերեցիր.
Անոնց յիշատակը իրենց հետ կորսուեցաւ։
7Բայց Տէրը յաւիտեան պիտի մնայ.
Անիկա իր աթոռը պատրաստեց դատաստանի համար։
8Ինք պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով,
Ժողովուրդներուն դատաստան պիտի ընէ ուղղութիւնով։
9Տնանկին ալ ապաւէն պիտի ըլլայ Տէրը,
Ապաւէն՝ նեղութեան ժամանակները։
10Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան.
Վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր։
11Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, որ Սիօն կը բնակի,
Ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք անոր ըրածները։
12Վասն զի արեան վրէժխնդիրը յիշեց զանոնք,
Չմոռցաւ նեղեալներուն աղաղակը։
13Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի,
Տե՛ս իմ թշնամիներէս կրած նեղութիւնս,
Դուն որ զիս մահուան դռներէն կը վերցնես.
14Որպէս զի քու բոլոր օրհնութիւններդ պատմեմ
Սիօնի աղջկան դռներուն մէջ.
Պիտի ցնծամ քու փրկութիւնովդ։
15Հեթանոսները իրենց շինած փոսին մէջ ընկղմեցան.
Իրենց գաղտուկ լարած որոգայթին մէջ իրենց ոտքը բռնուեցաւ։
16Տէրը ճանչցուած է, վասն զի դատաստան ըրաւ.
Ամբարիշտը իր ձեռքին գործերովը որոգայթը կ’իյնայ։ (#9:16 Այսինքն, մտածութիւնՀիկկայօն Սէլա։)
17Ամբարիշտները դժոխքը պիտի դառնան
Եւ այն բոլոր ազգերը, որոնք Աստուած կը մոռնան։
18Քանզի աղքատը պիտի չմոռցուի մինչեւ վերջը.
Տնանկներուն յոյսը յաւիտեան պիտի չկորսուի։
19Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, մարդը թող չզօրանայ.
Թող հեթանոսները դատուին քու առջեւդ.
20Ո՛վ Տէր, #9:20 Կամ, անոնց վրայ սորվեցնող դիրզանոնք վախցուր՝ ՝.
Թող հեթանոսները գիտնան թէ իրենք մարդ են։ (Սէլա։)

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 9: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in