ՍԱՂՄՈՍ 11
11
ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՎՐԱՅ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Տէրոջը ապաւինեցայ.
Ի՞նչպէս իմ անձիս կ’ըսէք թէ՝
«Թռչունի պէս դէպի ձեր լեռը թռչէ.
2Վասն զի ահա մեղաւորները աղեղ լարեցին,
Իրենց նետերը լարին վրայ պատրաստեցին,
Որպէս զի մութ ատեն սիրտը շիտակ եղողներուն նետեն։
3Եթէ հիմերը կործանին,
Արդարը ի՞նչ պիտի ընէ»։
4Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է.
Տէրոջը աթոռը երկինքն է.
Անոր աչքերը կը տեսնեն,
Անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։
5Տէրը կը քննէ արդարը.
Բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը։
6Ամբարիշտներուն վրայ պիտի տեղան #11:6 Կամ, փայլակներորոգայթներ,
Հուր եւ ծծումբ ու խորշակ.
Ա՛յս պիտի ըլլայ անոնց բաժակին բաժինը։
7Քանզի արդար Տէրը արդարութիւնը կը սիրէ,
Անոր երեսը ուղիղին կը նայի։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 11: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.