1
ԱՌԱԿԱՑ 16:3
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ Եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին։
Compare
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:3
2
ԱՌԱԿԱՑ 16:9
Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ, Բայց Տէրը կ’ուղղէ անոր քայլերը։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:9
3
ԱՌԱԿԱՑ 16:24
Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, Հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:24
4
ԱՌԱԿԱՑ 16:1
Սրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին, Բայց լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:1
5
ԱՌԱԿԱՑ 16:32
Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է Ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:32
6
ԱՌԱԿԱՑ 16:18
Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն Ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:18
7
ԱՌԱԿԱՑ 16:2
Մարդուն բոլոր ճամբաները իրեն մաքուր կ’երեւնան, Բայց Տէրը հոգիները կը կշռէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:2
8
ԱՌԱԿԱՑ 16:20
Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ Ու Տէրոջը ապաւինողը երանելի է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:20
9
ԱՌԱԿԱՑ 16:8
Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբ, Քան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:8
10
ԱՌԱԿԱՑ 16:25
Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:25
11
ԱՌԱԿԱՑ 16:28
Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ Եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 16:28