1
ԱՌԱԿԱՑ 11:25
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Բարերար անձը պիտի գիրնայ Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։
Compare
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:25
2
ԱՌԱԿԱՑ 11:24
Մարդ կայ, որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ Ու մարդ կայ, որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:24
3
ԱՌԱԿԱՑ 11:2
Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:2
4
ԱՌԱԿԱՑ 11:14
Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի, Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:14
5
ԱՌԱԿԱՑ 11:30
Արդարին պտուղը կենաց ծառ է Եւ հոգիներ վաստկողը իմաստուն է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:30
6
ԱՌԱԿԱՑ 11:13
Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ, Բայց հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:13
7
ԱՌԱԿԱՑ 11:17
Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ, Բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:17
8
ԱՌԱԿԱՑ 11:28
Իր հարստութեանը վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ, Բայց արդարները կանանչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:28
9
ԱՌԱԿԱՑ 11:4
Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ, Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:4
10
ԱՌԱԿԱՑ 11:3
Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ’առաջնորդէ, Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:3
11
ԱՌԱԿԱՑ 11:22
Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի, Խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:22
12
ԱՌԱԿԱՑ 11:1
Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 11:1