YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 9

9
ԵՐԿՐՈՐԴ ԶԱՏԻԿԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինայի անապատին մէջ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան առաջին ամսուան մէջ՝ ըսելով. 2«Իսրայէլի որդիները որոշուած ժամանակին թող ընեն զատիկը։ 3Այս ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ պէտք է ընէք զայն՝ որոշուած ժամանակին՝ անոր բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր կարգադրութիւններուն համեմատ»։ 4Մովսէս պատուիրեց Իսրայէլի որդիներուն, որ զատիկը ընեն։ 5Անոնք առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ զատիկը ըրին Սինայի անապատին մէջ։ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։
6Գտնուեցան ոմանք, որոնք մարդու մեռելէ պղծուած ըլլալով, այն օրը չկրցան զատիկը ընել, այլ Մովսէսին ու Ահարոնին առջեւ եկան 7Եւ այն մարդիկը ըսին անոնց. «Մենք մարդու մեռած մարմինէ պղծուած ենք. ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն մէջ Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին մատուցանելէն արգիլուինք»։ 8Մովսէս ըսաւ անոնց. «Կեցէ՛ք, #9:8 Եբր., մտիկ ընեմնայիմ, Տէրը ի՛նչ կը պատուիրէ ձեր մասին»։
9Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 10«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եթէ ձեզմէ կամ ձեր սերունդէն մէկը մեռած մարմինէ մը պղծուի կամ հեռաւոր ճամբորդութեան մէջ ըլլայ, անիկա ալ զատիկը պէտք է ընէ Տէրոջը. 11Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ, բաղարջով ու լեղի խոտերով պէտք է ուտեն զայն. 12Անկէ մինչեւ առտու բան մը պէտք չէ թողուն եւ անկէ ոսկոր մը պէտք չէ կոտրեն, այլ զատկին բոլոր կանոններուն համեմատ պէտք է ընեն զայն։ 13Բայց եթէ մաքուր եղող ու ճամբորդութեան մէջ չեղող մարդը զատիկը ընելը զանց ընէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, վասն զի Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին չմատուցանեց, ուստի այդ մարդը իր մեղքը պէտք է կրէ։ 14Եւ եթէ օտարական մը ձեր մէջ պանդխտանայ ու զատիկը ընել ուզէ Տէրոջը, զատկին կանոնին եւ անոր կարգադրութեանը համեմատ պէտք է ընէ. թէ՛ օտարականին եւ թէ՛ երկրին բնիկին համար մէկ կանոն պիտի ունենաք»։
ՀՐԵՂԷՆ ԱՄՊԸ
(Ելից 40:34-38)
15Այն օրը, երբ խորանը կանգնուեցաւ, ամպը պատեց վկայութեան խորանը ու իրիկուընէ մինչեւ առտու խորանին վրայ կրակի երեւոյթով մնաց։ 16Միշտ այսպէս էր. ցորեկը ամպը կը ծածկէր զայն եւ գիշերը՝ կրակին երեւոյթը։ 17Ու երբ ամպը խորանէն վերնար, անկէ յետոյ Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ ուր որ ամպը կենար, հոն Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին։ 18Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ Տէրոջը հրամանով իջեւան կ’ընէին. ամպը խորանին վրայ որչափ ատեն որ կենար, անոնք իրենց վրաններուն մէջ կը մնային։ 19Եւ երբ ամպը շատ օրեր խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները Տէրոջը պատուէրը կը պահէին ու չէին չուեր։ 20Նոյնպէս ալ երբ ամպը խորանին վրայ քիչ օր կենար, Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին ու Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին։ 21Նոյնպէս ալ երբ ամպը իրիկուընէ մինչեւ առտու մնար, առտուն ամպին վեր ելած ատենը կը չուէին. թէ՛ ցորեկ ըլլար եւ թէ՛ գիշեր, ամպին ելած ատենը կը չուէին. 22Կամ երկու օր, կամ մէկ ամիս եւ կամ մէկ տարի, որչափ ամպը խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին ու չէին չուեր. բայց երբ վերնար, կը չուէին։ 23Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին եւ Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին. Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին համեմատ, Տէրոջը պատուէրը կը պահէին։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 9: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 9