YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 8

8
ԼԱՊՏԵՐՆԵՐՈՒՆ ԶԵՏԵՂՈՒՄԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ՛ անոր. ‘Երբ ճրագները վառես, եօթը ճրագները աշտանակին առջեւի կողմէն լոյս պէտք է տան’»։ 3Եւ Ահարոն այնպէս ըրաւ. անոր ճրագները աշտանակին առջեւի կողմը զետեղեց լոյս տալու համար, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ 4Եւ աշտանակը այսպէս շինուած էր. #8:4 Կամ, ճախարակեայկռածոյ ոսկիէ էր. անոր բունէն մինչեւ անոր ծաղիկները կռածոյ էին. Տէրոջը Մովսէսին ցուցուցած կաղապարին պէս՝ շինուեցաւ աշտանակը։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՍՐԲԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
5Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 6«Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները ա՛ռ ու մաքրէ՛ զանոնք։ 7Այսպէս պիտի մաքրես զանոնք. #8:7 Եբր., մեղքի պատարագմաքրութեան ջուր արսկէ անոնց վրայ ու անոնք իրենց բոլոր մարմինը թող ածիլեն եւ իրենց հանդերձները լուան ու մաքրուին։ 8Ետքը զուարակ մը թող առնեն ու անոր հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւր. դուն ալ ուրիշ զուարակ մը առ մեղքի պատարագի համար։ 9Ղեւտացիները վկայութեան խորանին առջեւ մօտեցուր եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը հաւաքէ՛։ 10Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ մօտեցուր ու Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերը Ղեւտացիներուն վրայ թող դնեն։ 11Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն կողմէն՝ Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ #8:11 Եբր., երերցնելու ընծայ պիտի երերցնէընծայ թող մատուցանէ՝ ՝։ Անոնք Տէրոջը պաշտօնը կատարելու համար ըլլան։ 12Ղեւտացիները իրենց ձեռքերը զուարակներուն գլխուն վրայ թող դնեն ու Ղեւտացիներուն քաւութիւն ընելու համար մէկ զուարակը մեղքի պատարագ, իսկ միւսը իբր ողջակէզ մատուցանէ Տէրոջը։ 13Ղեւտացիները Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ կայնեցո՛ւր ու զանոնք իբր ընծայ մատուցանէ՛ Տէրոջը։ 14Այսպէս զատէ՛ Ղեւտացիները Իսրայէլի որդիներէն, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան։ 15Անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը թող մտնեն։ Այսպէս մաքրէ՛ զանոնք եւ իբր ընծայ մատուցանէ՛ զանոնք. 16Քանզի անոնք բոլորովին ինծի տրուած են Իսրայէլի որդիներէն։ Իսրայէլի որդիներուն մէջ մօրը արգանդը բացող բոլոր անդրանիկներուն տեղ ինծի առի զանոնք։ 17Վասն զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, թէ՛ մարդու եւ թէ՛ անասունի, իմս են. Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները զարկած օրէս՝ զանոնք սրբեցի ինծի համար։ 18Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիները առի։ 19Իսրայէլի որդիներէն Ղեւտացիները բոլորովին Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուի, որպէս զի վկայութեան խորանին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ծառայեն եւ Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ընեն, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն վրայ հարուած չգայ՝ երբ Իսրայէլի որդիները սրբարանին մօտենան»։
20Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն. Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին անոնց 21Ու Ղեւտացիները մաքրուեցան եւ իրենց հանդերձները լուացին եւ Ահարոն իբր ընծայ մատուցանեց զանոնք Տէրոջը առջեւ ու Ահարոն անոնց համար քաւութիւն ըրաւ, որպէս զի զանոնք մաքրէ։ 22Եւ անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը մտան՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն։
23Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 24«Ղեւտացիներուն կանոնը այս է՝ Քսանըհինգ տարեկանէն վեր եղողները վկայութեան խորանին սպասարկող խումբին մէջ պէտք է մտնեն 25Եւ յիսուն տարեկան ըլլալէ ետքը պաշտօնէն պիտի դադարին ու ա՛լ պիտի չծառայեն։ 26Սակայն վկայութեան խորանին համար պիտի օգնեն իրենց եղբայրներուն, բայց ծառայութիւն պիտի չընեն։ Այսպէս ըրին Ղեւտացիներուն՝ իրենց պահպանութիւններուն համար։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 8: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 8