YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 10

10
ԱՐԾԱԹԷ ՓՈՂԵՐԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Քեզի երկու հատ արծաթէ փող շինէ՛. կռածոյ շինէ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդը կանչելու համար ու բանակներուն չուելուն համար #10:2 Եբր., քեզի ըլլանգործածես։ 3Երբ զանոնք հնչեցնեն, բոլոր ժողովուրդը քովդ պիտի հաւաքուի վկայութեան խորանին դուռը։ 4Եւ եթէ փողին մէկը հնչեցնեն, իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները, քովդ պէտք է հաւաքուին։ 5Եւ երբ ազդարարութեան համար հնչեցնէք, արեւելքը իջեւանող բանակները պիտի չուեն։ 6Ու երբ երկրորդ անգամ ազդարարութեան փողը հնչեցնէք, հարաւային կողմը իջեւան ընող բանակները պիտի չուեն։ Անոնց չուելուն համար ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնեն։ 7Եւ երբ ժողովուրդը հաւաքելու ըլլաք, փող պիտի հնչեցնէք, բայց ազդարարութիւն մի՛ ընէք։ 8Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ պէտք է փողը հնչեցնեն եւ ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ 9Եթէ պատերազմելու երթաք ձեր երկրին մէջ ձեզի նեղութիւն տուող թշնամիին դէմ, փողերով ազդարարութիւն պէտք է ընէք, որպէս զի յիշուիք Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ եւ ձեր թշնամիներէն ազատուիք։ 10Ձեր ուրախութեան օրերուն ու ձեր տօներուն եւ ձեր ամսագլուխներուն մէջ փողերը պէտք է հնչեցնէք ձեր ողջակէզներուն վրայ ու ձեր խաղաղութեան զոհերուն վրայ, որպէս զի ձեզի յիշատակի համար ըլլան ձեր Աստուծոյն առջեւ։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՔ ԲԱՆԱԿԱՏԵՂԻՆ ԿԸ ԼՔԵՆ
11Երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան քսաներորդ օրը վկայութեան խորանին վրայէն ամպը վեր ելաւ։ 12Իսրայէլի որդիները իրենց իջեւանին՝ Սինայի անապատէն չուեցին ու ամպը Փառանի անապատին մէջ կեցաւ։ 13Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին պէս չուեցին։ 14Առաջ Յուդայի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամինադաբին որդին Նաասոնն էր։ 15Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սովգարին որդին Նաթանայէլն էր։ 16Զաբուղոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Քեղոնին որդին Եղիաբն էր։ 17Եւ խորանը վար իջեցուցին ու խորանը վերցնող Գերսոնին որդիները եւ Մերարիին որդիները չուեցին։ 18Ռուբէնին բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Սեդիուրին որդին Եղիսուրն էր։ 19Եւ Շմաւոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սուրիսադային որդին Սաղամիէլն էր 20Եւ Գադի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Դագուէլին որդին Եղիասափն էր։ 21Եւ սրբարանը վերցնող Կահաթացիները չուեցին ու խորանը կը կեցնէին մինչեւ անոնց գալը։ 22Եւ Եփրեմի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամիուդին որդին Եղիսաման էր։ 23Եւ Մանասէի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Փադասուրին որդին Գամաղիէլն էր։ 24Եւ Բենիամինի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Գեդէօնիին որդին Աբիդանն էր։ 25Եւ Դանի որդիներուն բանակին դրօշակը իրենց գունդերուն կարգովը բոլոր բանակներուն #10:25 Կամ, թիկնապահ եղաւետեւէն չուեց՝ ՝ ու անոր գունդին վրայ Ամիսադային որդին Աքիեզերն էր։ 26Եւ Ասերի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Եքրանին որդին Փագիէլն էր։ 27Եւ Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Ենանին որդին Աքիրէէն էր։ 28Իսրայէլի որդիները այս կարգով պիտի չուէին իրենց գունդերով։
29Մովսէս իր աներոջ, այսինքն Մադիանացի Ռագուէլին որդիին Յոբաբին ըսաւ. «Մենք կը չուենք այն տեղը՝ որուն համար Տէրը ըսաւ թէ՝ ‘Ձեզի պիտի տամ’. մեզի հետ եկո՛ւր ու բարիք պիտի ընենք քեզի. վասն զի Տէրը Իսրայէլի #10:29 Եբր., վրայով բարիք խօսեցաւբարիք խոստացաւ՝ ՝»։ 30Եւ աները ըսաւ անոր. «Չեմ երթար, այլ իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս պիտի երթամ»։ 31Եւ Մովսէս ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, մեզ մի՛ թողուր. քանզի անապատին մէջ մեր իջեւան ընելու տեղերը գիտես ու մեզի #10:31 Եբր., աչքառաջնորդ եղիր։ 32Եթէ մեզի հետ երթալու ըլլաս, ինչ բարութիւն որ Տէրը մեզի ընէ, մենք ալ քեզի նոյն բարութիւնը պիտի ընենք»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՉՈՒԷ
33Անոնք Տէրոջը լեռնէն երեք օրուան ճամբայ չուեցին ու Տէրոջը ուխտին տապանակը երեք օրուան ճամբայով անոնց առջեւէն կ’երթար, անոնց հանգստանալու տեղ գտնելու համար։ 34Եւ երբ բանկատեղիէն կը չուէին, Տէրոջը ամպը ցորեկը անոնց վրայ էր։
35Տապանակին չուելու ատենը Մովսէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ով Տէ՛ր ու քու թշնամիներդ թող ցրուին ու քեզ ատողները առջեւէդ փախչին»։ 36Եւ անոր կենալու ատենը ինք կ’ըսէր. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի հազարաւոր բիւրաւորներուն դարձի՛ր»։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 10: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in