ԹՈՒՈՑ 7
7
ԱՌԱՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄ
1Այն օրը երբ Մովսէս լմնցուց խորանին կարգադրութիւնը եւ զանիկա ու անոր բոլոր անօթները օծեց ու սրբեց եւ սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները օծեց ու զանոնք սրբեց, 2Այն ատեն Իսրայէլի իշխանները՝ իրենց հայրերուն տանը գլուխները՝ ժողովուրդը համրելու վերակացու իշխանները՝ ընծաներ տուին։ 3Եւ բերին իրենց ընծաները Տէրոջը առջեւ, վեց ծածկուած սայլեր եւ տասներկու եզներ. ամէն երկու իշխանները՝ մէկ սայլ եւ ամէն մէկը՝ մէկմէկ եզ եւ մօտեցուցին զանոնք վկայութեան խորանին առջեւ։ 4Այն ատեն Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 5«Անոնցմէ ա՛ռ ու Ղեւտացիներուն տո՛ւր ատոնք՝ ամէն մէկուն իր պաշտօնին նայելով, որպէս զի վկայութեան խորանին պաշտամունքին ատեն գործածուին»։ 6Մովսէս առաւ սայլերն ու եզները ու զանոնք Ղեւտացիներուն տուաւ։ 7Երկու սայլ ու չորս եզը Գերսոնին որդիներուն տուաւ՝ անոնց պաշտօնին նայելով 8Եւ չորս սայլը եւ ութը եզը Մերարիին որդիներուն տուաւ, Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին #7:8 Եբր., ձեռքովըվերակացութեամբ եղած անոնց պաշտօնին նայելով։ 9Բայց Կահաթին որդիներուն չտուաւ. քանզի անոնք սուրբ անօթներուն հոգատարութիւնը ստանձնած էին եւ իրենց ուսերով կը կրէին զանոնք։
10Եւ սեղանին օծման օրը անոր նուիրման հանդէսին համար իշխանները ընծաներ տուին եւ իշխանները իրենց ընծաները սեղանին առջեւ մատուցանեցին։ 11Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Սեղանին նուիրման հանդէսին համար՝ ամէն մէկ իշխան մէկմէկ օր իրենց ընծաները թող մատուցանեն»։
12Առաջին օրը իր ընծան մատուցանողը Յուդայի ցեղին իշխանը՝ Ամինադաբին որդին Նաասոնն էր։ 13Եւ այս էր անոր ընծան՝ սրբարանին սիկղին համեմատ հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 14Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 15Մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 16Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագին համար 17Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամինադաբին որդիին Նաասոնին ընծան էր այս։
18Երկրորդ օրը մատուցանողը՝ Իսաքարի իշխանը Սովգարին որդին Նաթանայէլն էր։ 19Անոր մատուցանած ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 20Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 21Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 22Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 23Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սովգարին որդիին Նաթանայէլին ընծան էր այս։
24Երրորդ օրը մատուցանողը Զաբուղոնի որդիներուն իշխանը Քեղոնին որդին Եղիաբն էր։ 25Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 26Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 27Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 28Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 29Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Քեղոնին որդիին Եղիաբին ընծան էր այս։
30Չորրորդ օրը մատուցանողը՝ Ռուբէնի որդիներուն իշխանը Սեդիուրին որդին Եղիսուրն էր։ 31Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ հարիւր երեսուն սիկղէ արծաթ սկուտեղ, Եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 32Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 33Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 34Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 35Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սեդիուրին որդիին Եղիսուրին ընծան էր այս։
36Հինգերորդ օրը մատուցանողը՝ Շմաւոնի որդիներուն իշխանը Սուրիսադային որդին Սաղամիէլն էր։ 37Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 38Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 39Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 40Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 41Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սուրիսադային որդիին Սաղամիէլին ընծան էր այս։
42Վեցերորդ օրը մատուցանողը՝ Գադի որդիներուն իշխանը Դագուէլին որդին Եղիասափն էր։ 43Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 44Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 45Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 46Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 47Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Դագուէլին որդիին Եղիասափին ընծան էր այս։
48Եօթներորդ օրը մատուցանողը՝ Եփրեմի որդիներուն իշխանը Ամիուդին որդին Եղիսաման էր։ 49Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 50Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 51Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 52Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 53Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամիուդին որդիին Եղիսամային ընծան էր այս։
54Ութերորդ օրը մատուցանողը՝ Մանասէի որդիներուն իշխանը Փադասուրին որդին Գամաղիէլն էր։ 55Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 56Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 57Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 58Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 59Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Փադասուրին որդիին Գամաղիէլին ընծան էր այս։
60Իններորդ օրը մատուցանողը՝ Բենիամինի որդիներուն իշխանը Գեդէօնիին որդին Աբիդանն էր։ 61Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 62Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 63Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 64Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 65Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Գեդէօնիին որդիին Աբիդանին ընծան էր այս։
66Տասներորդ օրը մատուցանողը՝ Դանի որդիներուն իշխանը Ամիսադային որդին Աքիեզերն էր։ 67Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 68Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 69Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 70Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 71Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամիսադային որդիին Աքիեզերին ընծան էր այս։
72Տասնըմէկերորդ օրը մատուցանողը՝ Ասերի որդիներուն իշխանը Եքրանին որդին Փագիէլն էր։ 73Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 74Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 75Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 76Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 77Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Եքրանին որդիին Փագիէլին ընծան էր այս։
78Տասնըերկրորդ օրը մատուցանողը՝ Նեփթաղիմի որդիներուն իշխանը Ենանին որդին Աքիրէն էր։ 79Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 80Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 81Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 82Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 83Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ենանին որդիին Աքիրէին ընծան էր այս։
84Սեղանին օծուած օրը անոր նուիրման հանդէսին համար Իսրայէլի իշխաններէն նուիրուած ընծաները ասոնք էին՝ տասներկու արծաթ սկուտեղ, տասներկու արծաթ կոնք ու տասներկու ոսկի խնկաման, 85Ամէն մէկ արծաթ սկուտեղ հարիւր երեսուն սիկղէ եւ ամէն մէկ կոնք եօթանասուն սիկղէ էր. այս ամաններուն բոլոր արծաթը երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր, սրբարանին սիկղին համեմատ. 86Տասներկու ոսկի խնկաման, խունկով լեցուն, ամէն մէկ խնկաման, սրբարանին սիկղին համեմատ, տասնական սիկղ ըլլալով, խնկամաններուն բոլոր ոսկին հարիւր քսան սիկղ էր։ 87Ողջակէզի համար բոլոր արջառները տասներկու զուարակ, խոյերը տասներկու, մէկ տարեկան գառները տասներկու էին, իրենց հացի ընծայովը եւ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազները տասներկու։ 88Եւ խաղաղութեան զոհի համար բոլոր արջառները քսանըչորս զուարակ էին, խոյերը վաթսուն, նոխազները վաթսուն եւ մէկ տարեկան գառները վաթսուն էին։ Այս էր սեղանին նուիրման ողջակէզը՝ անոր օծուելէն յետոյ։
89Եւ երբ Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ Տէրոջը հետ խօսելու, այն ատեն իրեն հետ խօսողին ձայնը վկայութեան տապանակին վրայ եղած քաւութեան վրայէն եւ երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, լսեց ու ինք Անոր հետ խօսեցաւ։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 7: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.