YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 6

6
ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդ մը կամ կին մը ինքզինք Տէրոջը նուիրէ եւ ուխտի կամ նուիրման զաւակ ըլլայ, 3Գինիէ եւ օղիէ պէտք է զգուշանայ. գինիի քացախ կամ օղիի քացախ պէտք չէ խմէ եւ բնաւ խաղողի օշարակ պէտք չէ խմէ ու խաղող կամ չամիչ պէտք չէ ուտէ։ 4Ինքզինք նուիրելէ ետք #6:4 Եբր., գինիի որթէնորթատունկէն եղած բան մը պէտք չէ ուտէ, կուտերէն մինչեւ կեղեւը։ 5Ինքզինք նուիրելէ ետք իր գլխուն ածելի պէտք չէ զարնէ. մինչեւ ինքզինք Տէրոջը նուիրած օրերը լմննան՝ ինք սուրբ պէտք է ըլլայ եւ իր գլխու մազերը պէտք է թողու որ աճին։ 6Ինքզինք Տէրոջը նուիրած բոլոր օրերը մեռած մարմնի մը պէտք չէ մօտենայ. 7Իր հօրը համար կամ մօրը համար, իր եղբօրը կամ իր քրոջը համար ինքզինք պէտք չէ պղծէ, երբ անոնք մեռնին, քանզի իր Աստուծոյն #6:7 Եբր., նուիրուիլըուխտը իր գլխուն վրայ է։ 8Որքան ատեն որ ինքզինք նուիրած է, բոլոր օրերը ինք սուրբ է Տէրոջը։ 9Եւ եթէ իր քով յանկարծ մարդ մը մեռնի ու իր նուիրած գլուխը պղծուի, մաքրուելու համար իր գլուխը պէտք է ածիլէ. եօթներորդ օրը ածիլէ զայն 10Եւ ութերորդ օրը վկայութեան խորանին դուռը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է բերէ քահանային։ 11Քահանան մէկը՝ իբր մեղքի պատարագ ու միւսը իբր ողջակէզ պիտի մատուցանէ եւ մեռելին պատճառած մեղքին համար քաւութիւն պիտի ընէ անոր ու այն օրը պիտի սրբէ անոր գլուխը։ 12Իր ուխտին օրերը Տէրոջը պէտք է նուիրէ ու յանցանքի պատարագի համար մէկ տարեկան գառնուկ մը բերէ առանց նախկին օրերը համրելու, որովհետեւ իր ուխտը պղծուեցաւ։
13Ուխտաւորին օրէնքը այս է՝ Երբ ինքզինք նուիրելու օրերը լմննան, անիկա վկայութեան խորանին դուռը պէտք է բերուի 14Եւ իր զոհը Տէրոջը պէտք է մատուցանէ։ Մէկ տարեկան անարատ արու գառնուկ մը ողջակէզի համար ու մէկ տարեկան անարատ էգ գառնուկ մը մեղքի պատարագի համար եւ անարատ խոյ մը խաղաղութեան զոհի համար։ 15Սակառ մը բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած թթխմորի շօթեր ու իւղով օծուած առանց թթխմորի լաւաշներ եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ։ 16Քահանան անոր մեղքի պատարագը ու անոր ողջակէզը Տէրոջը առջեւ մօտեցնելով պէտք է մատուցանէ։ 17Խոյը իբր խաղաղութեան զոհ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը՝ առանց թթխմորի հացին սակառովը ու քահանան անոր հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ։ 18Ուտաւորը իր նուիրած գլուխը պէտք է ածիլէ վկայութեան խորանին դուռը ու իր նուիրած գլխուն մազը թող առնէ եւ խաղաղութեան զոհին տակ եղած կրակին մէջ թող նետէ։ 19Քահանան խոյէն՝ եփած թեւը եւ սակառէն առանց թթխմորի շօթ մը ու մէկ լաւաշ առնէ եւ ուխտաւորին ձեռքերուն վրայ դնէ մազերուն ածիլուելէն ետքը։ 20Եւ քահանան իբր երերցնելու ընծայ թող մատուցանէ զանոնք Տէրոջը առջեւ։ Ասոնք երերցնելու երբուծով ու բարձրացնելու զիստով քահանային համար սուրբ են եւ անկէ յետոյ ուխտաւորը գինի թող խմէ։ 21Ուխտաւորի մը ու անոր նուիրուելուն համար Տէրոջը խոստացած իր ընծային օրէնքը այս է՝ իր ձեռքը հասածէն զատ։ Անիկա իր ըրած խոստումը իր նուիրուելուն օրէնքովը պէտք է կատարէ»։
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
22Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 23«Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. Այսպէս պիտի օրհնէք Իսրայէլի որդիները՝ ըսելով անոնց. 24‘Տէրը օրհնէ քեզ եւ պահէ քեզ. 25Տէրը պայծառացնէ իր երեսը քու վրադ ու ողորմի քեզի. 26Տէրը իր երեսը քու վրադ վերցնէ եւ խաղաղութիւն տայ քեզի’։ 27Եւ իմ անունս Իսրայէլի որդիներուն վրայ պիտի դնեն ու ես պիտի օրհնեմ զանոնք»։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 6: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in