ԹՈՒՈՑ 5
5
ԱՆՄԱՔՈՒՐ ՄԱՐԴԻԿ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Հրաման ըրէ Իսրայէլի որդիներուն, որ բանակէն դուրս ձգեն ամէն բորոտ եւ ամէն ծորում ունեցող եւ մեռելի մը դպչելով անմաքուր եղողը։ 3Արուն ալ էգն ալ դուրս ձգեցէք. բանակէն դուրս պէտք է ձգէք զանոնք, որպէս զի չպղծեն իրենց բանակները՝ որոնց մէջտեղը ես կը բնակիմ»։ 4Եւ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին ու բանակէն դուրս ձգեցին զանոնք։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս ըրին Իսրայէլի որդիները։
ՍԽԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ
5Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 6«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, Երբ մարդ մը կամ կին մը մարդոց բոլոր մեղքերէն մէկը գործելով՝ Տէրոջը դէմ մեղանչէ, այդ անձը յանցաւոր կ’ըլլայ, 7Այն ատեն իր ըրած մեղքը պէտք է խոստովանի եւ անիկա իր ըրած վնասը լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ մէկ հինգերորդը աւելցնէ ու վնասը քաշողին տայ։ 8Եւ եթէ այն վնաս քաշող մարդը ոեւէ ազգական չունենայ, որուն այդ վնասը հատուցուի, այն ատեն եղած վնասը Տէրոջը հատուցուելով, քահանային պէտք է ըլլայ բացի քաւութեան խոյէն, որով այն յանցաւոր մարդուն համար քաւութիւն պիտի ըլլայ։ 9Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաները եւ ամէն ընծայ որ կը բերեն քահանային, անոր պէտք է ըլլայ։ 10Եւ ոեւէ մարդու սուրբ բաները անոր պէտք է ըլլան։ Ամէն մարդ ինչ որ տայ քահանային, անորը պիտի ըլլայ»։
ԿԱՍԿԱԾՈՏ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐՈՒ ԿԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ
11Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 12«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդու մը կինը խոտորի ու անոր անհաւատարմութիւն ընէ 13Եւ մէկը անոր հետ պառկելով զուգաւորուի ու անոր այրը տեսած չըլլալով բանը գաղտուկ մնայ եւ անոր պղծուած ատենը տեսնող մը չըլլայ ու կինը չբռնուի 14Եւ էրկանը մէջ կասկած արթննալով՝ իր կնոջ պղծուելուն համար կասկածի, կամ կինը պղծուած չըլլալով էրկանը մէջ կասկած արթննայ ու կասկածի, 15Այն ատեն այն մարդը իր կինը քահանային պէտք է բերէ եւ անոր իբր ընծայ գարիի ալիւրէն արդուին մէկ տասներորդ բաժինը պէտք է բերէ. իւղ պէտք չէ թափէ անոր վրայ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ վրան, վասն զի կասկածամտութեան ընծայ մըն է ան, յիշատակի ընծայ, որ մեղքը կը յիշատակէ։ 16Քահանան կինը թող մօտեցնէ ու Տէրոջը առջեւ կանգնեցնէ։ 17Եւ քահանան հողէ ամանով սուրբ ջուր թող առնէ ու քահանան խորանին յատակը եղած հողէն առնէ եւ ջուրին մէջ դնէ։ 18Քահանան Տէրոջը առջեւ թող կանգնեցնէ կինը ու կնոջ գլուխը բանայ եւ յիշատակի ընծան, այսինքն կասկածամտութեան ընծան, անոր ձեռքը տայ ու անէծքին լեղի ջուրը քահանան իր ձեռքը պէտք է ունենայ։ 19Քահանան անոր թող երդում ընել տայ ու ըսէ կնոջը. ‘Եթէ մարդ մը քեզի հետ չպառկեցաւ եւ եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով չպղծուեցար, անէծքին այս լեղի ջուրը քեզի վնաս մը թող չընէ. 20Բայց եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով պղծուեցար եւ քու այրէդ զատ ուրիշ մարդ մը քեզի հետ պառկեցաւ, 21(Այն ատեն քահանան կնոջ անէծքի երդում ընել պիտի տայ եւ քահանան կնոջ պիտի ըսէ,) Տէրը քեզ քու ժողովուրդիդ մէջտեղը անէծքի ու երդումի համար թող դնէ, երբ Տէրը քու զիստդ փտտեցնէ ու քու փորդ ուռեցնէ 22Եւ այս անէծքին ջուրը քու աղիքներուդ մէջ թող երթայ, որպէս զի քու փորդ ուռեցնէ ու քու զիստդ փտտեցնէ՛’։ Եւ կինը թող ըսէ. ‘Ամէն, ամէն’։ 23Եւ քահանան այս անէծքները գրքի մը մէջ թող գրէ ու այդ լեղի ջրովը թող աւրէ։ 24Եւ անէծքին լեղի ջուրը այն կնոջ թող խմցնէ ու անէծքին ջուրը անոր ներսիդին պիտի երթայ եւ ցաւեր յառաջացնէ։ 25Եւ քահանան կնոջ ձեռքէն կասկածամտութեան ընծան թող առնէ ու Տէրոջը առջեւ երերցնէ եւ սեղանին մօտեցնէ զայն։ 26Եւ քահանան ընծայէն իր ձեռքը թող առնէ յիշատակի համար ու սեղանին վրայ այրէ զայն ու ետքը այն ջուրը կնոջ թող խմցնէ։ 27Եւ ջուրը անոր խմցնելէն յետոյ՝ եթէ անիկա պղծուած ու իր էրկանը անհաւատարմութիւն ըրած է, անէծքին ջուրը լեղի ըլլալով՝ երբ մտնէ անոր ներսիդին, անոր փորը պիտի ուռի ու անոր զիստը փտտի՝ կինը իր ժողովուրդին մէջ անիծեալ թող ըլլայ։ 28Իսկ եթէ կինը պղծուած չըլլալով մաքուր է, վնաս պիտի չկրէ ու զաւակ պիտի ծնանի։ 29Կասկածամտութեան օրէնքը այս է, երբ կին մը իր էրկանը անհաւատարմութիւն ընելով պղծուի, 30Կամ երբ մարդու մը մէջ կասկածամտութեան ոգի գայ ու կնոջ վրայ կասկածի, Տէրոջը առջեւ պիտի կանգնեցնէ կինը եւ քահանան կատարէ այս բոլորը անոր վրայ 31Եւ այն մարդը ազատ պիտի ըլլայ յանցանքէն, բայց կինը իր յանցանքը պիտի կրէ»։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 5: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.