YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 4

4
ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ԿԱՀԱԹԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 2«Ղեւիի որդիներէն Կահաթի որդիներուն մարդահամարը առ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ։ 3Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը, վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ մտնողը համրէ։ 4Վկայութեան խորանին մէջ Կահաթի որդիներուն պաշտօնը սուրբ բաներն են։ 5Եւ երբ բանակը չուելու ըլլայ, Ահարոնն ու անոր որդիները թող գան ու ծածկոցին վարագոյրը իջեցնեն եւ անով վկայութեան տապանակը ծածկեն։ 6Եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցը անոր վրայ դնեն ու անոր վրայ բոլորովին կապուտակ լաթ մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։ 7Եւ առաջաւորութեան սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը թող տարածեն ու անոր վրայ թող դնեն սկուտեղները եւ խնկամաններն ու գաւաթները եւ ըմպելիքի նուէր մատուցանելու բաժակները ու ամէն օրուան հացերն ալ անոր վրայ պէտք է ըլլան 8Եւ անոնց վրայ կրկնակի կարմիրէ լաթ մը թող տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։ 9Եւ կապուտակէ լաթ մը առնեն ու ծածկեն լոյսի աշտանակը եւ անոր ճրագներն ու անոր ունելիները եւ բազմակալներն ու անոր բոլոր իւղի ամանները, որոնցմով կը մատակարարեն։ 10Եւ զանիկա իր բոլոր գործիքներովը թէհաշի մորթերէ ծածկոցի մը մէջ, լծակի մը վրայ թող դնեն զայն։ 11Եւ ոսկի սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով մը ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։ 12Եւ սրբարանին պաշտամունքին գործածուած բոլոր գործիքները պէտք է առնեն ու կապուտակ լաթի մը մէջ փաթթեն եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զանիկա ու լծակի մը վրայ դնեն։ 13Եւ ողջակէզի սեղանէն մոխիրները հանելով՝ անոր վրայ ծիրանեգոյն լաթ մը թող տարածեն 14Եւ անոր վրայ պաշտամունքին համար գործածուած բոլոր գործիքները, այսինքն կրակի ամանները, մսահանները, թիակները եւ կոնքերը (սեղանին բոլոր գործիքները) այն լաթին վրայ դնեն ու անոր վրայ թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։ 15Եւ Ահարոն ու անոր որդիները բանակին չուած ատենը՝ սրբարանն ու սրբարանին բոլոր կարասիները ծածկելը թող լմնցնեն ու ետքը Կահաթի որդիները թող գան զանոնք վերցնեն. բայց սուրբ բաներու չդպչին, որպէս զի չմեռնին»։ Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջի գոյքերը, որ Կահաթի որդիները պիտի կրեն։
16Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը լոյսի իւղին ու անուշահոտ խունկին եւ ամէն օրուան հացի ընծային ու օծման իւղին վրայ վերակացու պիտի ըլլայ եւ բոլոր խորանին ու անոր մէջի բոլոր բաներուն, սրբարանին ու անոր կարասիներուն վրայ վերակացու ըլլայ»։
17Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 18«Ղեւտացիներուն մէջէն Կահաթեաններուն տոհմերուն ցեղը մի՛ կորսնցնէք. 19Բայց անոնց հետ այնպէս վարուեցէք, որ սուրբ բաներուն մօտեցած ատեննին ողջ մնան ու չմեռնին։ Ահարոն ու իր որդիները թող գան ու անոնցմէ իւրաքանչիւրին պաշտօնն ու գործը որոշեն։ 20Բայց երբ սուրբ բաները կը ծածկեն, անոնք տեսնելու համար թող ներս չմտնեն, որպէս զի չմեռնին»։
ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ԳԵՐՍՈՆԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
21Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 22«Գերսոնին որդիներուն մարդահամարն ալ առ, իրենց հայրերուն տուներուն ու իրենց տոհմերուն համեմատ։ 23Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը համրէ, բոլոր անոնք որ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել։ 24Գերսոնեաններուն տոհմերուն ծառայելու ու բեռ վերցնելու պաշտօնը այս է. 25Անոնք պիտի վերցնեն խորանին վարագոյրները ու վկայութեան խորանը, անոր ծածկոցն ու անոր վրայի թէհաշի ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրը 26Եւ խորանին ու սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին վարագոյրներն ու սրահը մտնելու դրան վարագոյրն ու անոնց չուանները եւ անոնց պաշտամունքին բոլոր գործիքները պիտի վերցնեն ու ասոնց հարկաւոր եղած բոլոր սպասաւորութիւնները պիտի ընեն։ 27Գերսոնեաններուն որդիներուն բոլոր պաշտօնը, իրենց բոլոր բեռներուն ու իրենց բոլոր պաշտօններուն համար՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն հրամանովը պիտի ըլլայ։ Անոնց բոլոր բեռները իրենց պահպանութեանը պէտք է յանձնէք»։ 28Գերսոնեաններուն որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը այս է վկայութեան խորանին մէջ։ Անոնց պահպանութիւնը Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ պիտի ըլլայ։
ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ՄԵՐԱՐԻԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
29Մերարիին որդիներն ալ համրէ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ. 30Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը։ Անոնք որ վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել՝ համրէ՛։ 31Եւ վկայութեան խորանին մէջ անոնց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ անոնց յանձնուած բեռները ասոնք են՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ անոր սիւները եւ խարիսխները 32Եւ շուրջանակի սրահին սիւներն ու անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու չուանները՝ անոնց բոլոր գործիքներովը։ Անոնց բոլոր պաշտօնը, անոնց պահպանութեան բեռները եւ գործիքները անուններովը պիտի յանձնէք իրենց։ 33Այս է Մերարիին որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը վկայութեան խորանին մէջ, իրենց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ»։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ
34Մովսէս ու Ահարոն եւ ժողովուրդին իշխանները համրեցին Կահաթեաններուն որդիները անոնց տոհմերուն ու անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ։ 35Երեսուն տարեկանէն մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները 36Ու անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն հոգի էին։ 37Ասոնք են վկայութեան խորանին բոլոր ծառայութիւնը ընող Կահաթեաններուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրեր էր։
38Գերսոնին որդիներուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 39Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան։ 40Անոնց համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ երկու հազար վեց հարիւր երեսուն հոգի էին։ 41Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջ բոլոր ծառայութիւն ընող Գերսոնի որդիներուն տոհմերէն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին Տէրոջը պատուիրածին պէս։
42Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 43Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան։ 44Եւ անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երեք հազար երկու հարիւր հոգի էին։ 45Ասոնք են Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։
46Ղեւտացիներուն բոլոր համրուածները՝ որոնք Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի իշխանները համրեցին իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 47Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ պաշտօն ու բեռ կրելու ծառայութիւնը ընելու բոլոր կարողները, 48Այսինքն անոնց համրուածները ութ հազար հինգ հարիւր ութսուն հոգի էին։ 49Անոնք Տէրոջը պատուիրածին պէս համրուեցան Մովսէսին ձեռքով, ամէն մէկը իր պաշտօնին ու բեռին նայելով. այսպէս համրուեցան անոնք, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 4: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 4